Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեքաայի Մէջ. Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Մարտ 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ յայտարարելու որոշումը` նկատել տալով, որ պէտք է քաղաքական գործընթացը իր ընթացքը շարունակէ եւ պաղեստինցիներուն իրենց իրաւունքները շնորհէ` յանձնառու մնալով երկու պետութիւն հիմնելու միջազգային որոշումներուն:

Միքաթի կոչ ուղղեց մեծ պետութիւններուն` ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել նաեւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ ռմբակոծումներու թիրախ դարձուց Պեքաան, մասնաւորաբար Պաալպեքի Պուտայ շրջանն ու Իյաթ գիւղաքաղաքը: Ռմբակոծումները պատճառեցին երկու զոհ եւ վիրաւոր մը:

Ի պատասխան Պաալպեքի ռմբակոծումին, Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» տիպի աւելի քան 50 հրթիռներով ռմբակոծեց Կոլանի իսրայէլեան Եարտըն դիրքը, ուր կը գտնուի  իսրայէլեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան զօրանոցը:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Քֆարքիլա, Պուսթան, Մէյսել Ժապալ, Պլիտա, Մերժահիուն, Աուիտայի բարձունք, Մարքապա, Ատայսէ, Ռըպ Թլեթին, Թէյր Հարֆա, Ժըպպայն, Եարին, Պաալպեք,  Նաքուրա եւ Ռըմէյշ շրջանները:

Նշենք, որ երէկ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց ամբողջ Լիբանանի վերեւ:

Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին Մանարա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներով բնակուած շէնք մը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Պրանեթ զօրանոցը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրեց համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:

Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի  հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող զինուորներով բնակուած շէնք մը` պատճառելով մարդկային վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Թայհաթի բարձունք դիրքն ու հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումը:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Լիման փաղանգի նորակառոյց դիրքը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պայատ Պլիտա դիրքը եւ հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Զըպտին, Պըրքեթ Ռիշա եւ Մալիքիէ դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մթըլլէ, Շումերա եւ Շլոմի բնակեցման վայրերը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորները:

Ի պատասխան Պեքաայի Սուէյրի շրջանի ռմբակոծումին` Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մայրուն օդային խարիսխը:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցին Հանիթայի բացատին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորները:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Մոհամետ Ֆաքիհ եւ Հիւսէյն Ալի Տպուք միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Պըրրի Միշել Մըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ռուսիոյ Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Գործողութեան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?