Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 25, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ծաղկազարդի առիթով նախագահած իր Ս. պատարագին ընթացքին աղօթեց առ Աստուած փրկութիւն եւ յաղթանակ պարգեւելու լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական մեղքերը վերածուած են համատարած փտածութեան:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ սահմանադրական իշխանութիւններն ու պետական հաստատութիւնները վերստին հիմնելը Լիբանանի փրկութեան գործողութեան համար անհրաժեշտ նախաքայլեր են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան` վերջ տալու համար նախագահական դատարկութեան փուլին եւ լուծելու համար երկրին տագնապները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շարպել Մարուն հաստատեց, որ Պքերքէի հանդիպումներէն հրապարակուելիք փաստաթուղթը պիտի ըլլայ ազգային եւ պիտի համապատասխանէ երկրին պայմաններուն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Պքերքէի նախաձեռնութիւնը ազգային է եւ ոչ միայն քրիստոնէական: Քարամ ընդգծեց, որ պէտք է հասնիլ տեղ մը, ուր հասարակ յայտարարներ եւ փոխըմբռնում գոյութիւն ունի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա ողջունեց Պքերքէի հանդիպումը` յոյս յայտնելով, որ այդ համաձայնութիւնը կ՛ընդարձակուի եւ ազգային աւելի լայն վիճակ կը ստանայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զինուիլ եւ իրենց կարողութիւնները բարելաւել, որպէսզի թշնամին Դիմադրութեան պատճառով մնայ մտահոգ եւ մնայուն վախի մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պքերքէի մէջ մշակուող նոր նախաձեռնութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին անոնք մաղթեցին, որ Պքերքէի նախաձեռնութիւնը յաջողութիւն արձանագրէ:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանան պիտի օգտուի Իսրայէլի պարտութենէն, երբ բանակցութիւններու սեղան կարելի ըլլայ նստիլ: Եաագուպ յայտնեց նաեւ, որ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը պատճառ պիտի դառնայ անոր բնաջնջումին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Իսրայէլ չի կրնար յաղթել Հըզպալլային, որովհետեւ ան կազմ ու պատրաստ է: Քասեմ նկատել տուաւ նաեւ, որ Հըզպալլայի համար նախագահական ընտրութիւնը ներքին լիբանանեան առաջնահերթութիւն է:

 

 

Նախորդը

Մետվետեւ. «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի Վրայ Յարձակումին Բոլոր Մեղսակիցները` Անկախ Ծագման Երկրէն Եւ Կարգավիճակէն, Այսուհետեւ Մեր Օրինական Եւ Հիմնական Թիրախն Են»

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յանձնարարեց Իսրայէլի Դէմ Բողոքել` Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.