ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.690.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.728.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.552.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 940.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Ասաատ Հըրտանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական տագնապն ու Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն պատճառով արձանագրուած երկրագործական վնասներուն նախնական արժեւորումը 2,5 միլիառ տոլար է:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` արժեւորելով անոր ազգային դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթելով անոր` լուծելու երկրին ազգային, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը: Ապի Մունա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` անոր մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու հաժ Ուաֆիք Սաֆա Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելած է` հետեւելու համար հոն բանտարկուած կարգ մը լիբանանցի արգելափակեալներու թղթածրարին: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս թղթածրարին առումով Սաֆա հանդիպումներ ունեցած է շարք մը պատասխանատուներու հետ, եւ յոյս կայ, որ այդ թղթածրարին բարւոք լուծում ապահովուի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ քրիստոնեայ կողմերու միջեւ հանդիպումը դրական էր` աւելցնելով, որ անոնք կ՛ուղղուին դէպի փոխըմբռնում: Քարամ նշեց, որ ներկաներուն մշակած փաստաթուղթը ազգային փաստաթուղթ մըն է, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ պիտի տրամադրուի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան իրաւաբաններու սենտիքայէն կատարած յայտարարութեան մը մէջ ընդգծեց, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած լիբանանցիներուն գումարները յանձնառութիւններ են եւ ոչ թէ նիւթական վնասներ: Քանաան նկատել տուաւ նաեւ, որ ներկայիս պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու մասին յայտարարութիւններ կատարողներէն ոմանք մեղսակցած են փտածութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ նշուած է, թէ Լիբանան վերջնական հայրենիք է բոլոր լիբանանցիներուն համար, «սակայն անոնք, որոնք կը մտածեն այլ վարչակարգերու մասին, ըստ երեւոյթին այլ կարծիքներ ունին», աւելցուց ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ռաշիտ Պալպաքին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի իրադարձութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի հաշուոյն կրնայ գործարք մը կատարուիլ: Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն պիտի չընտրեն` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք աւելի քան երբեք կառչած կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ կը մերժեն այդ համաձայնագիրին դէմ գործուելիք ամէն տեսակի յեղաշրջում:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ պետութեան պատկանող մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական բոլոր կառոյցները շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութեան մէկ խմբակը Պաալպեքի Շարաուինա թաղամասին մէջ ձերբակալած է յանցագործ մը, որուն անուան սկզբնատառերը Օ. Թ. են եւ զայն յանձնած համապատասխան դատական իշխանութեան:


