Մոսկուայի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութեան լոյսին տակ Լիբանանի իշխանութեան պետերն ու անձնաւորութիւնները ցաւակցութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Փութինին:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչական գործողութեան պատճառած զոհերուն համար, շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Ռուսիոյ:
Պըրրի խստիւ դատապարտեց քաղաքայիններուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ Մոսկուայի մէջ պատահած այս յարձակումը ցոյց կու տայ, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չի ճանչնար ու ինքնութիւն չունի եւ կը միտի խախտել տարբեր երկիրներու ապահովական անդորրը:
Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ցաւակցագիր մը յղեց Փութինին` շեշտելով, որ Լիբանան կը դատապարտէ Մոսկուան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ կը մերժէ ամէն տեսակի վայրագութիւն ու ծայրայեղութիւն: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու հարազատներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ դատապարտեց Ռուսիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը:
Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կարգ մը կազմակերպութիւններ աշխարհի չորս կողմերը ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարեն, բացի թշնամի Իսրայէլէն:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ցաւակցագիր մը յղեց Փութինին` խստիւ դատապարտելով Մոսկուան հարուածած ահաբեկչութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Փութինին, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովին: Ան դատապարտեց ահաբեկչական այս գործողութիւնը` հաստատելով, որ անոր նպատակն է հարուածել Ռուսիոյ ներքին ապահովական անդորրը: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը ո՛չ սահման եւ ո՛չ ալ արգելք ունի:
Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն ջերմ ցաւակցութիւն յայտնեց ռուս բարեկամ ժողովուրդին եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` դատապարտելով Մոսկուան ցնցած ահաբեկչական գործողութիւնը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դատապարտեց Մոսկուայի դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, որուն պատճառով արձանագրուեցան տասնեակ զոհեր ու վիրաւորներ:
«Ահաբեկչութիւնը կը մնայ երկչոտ քայլ մը, որ պիտի չկարենայ իրականացնել զայն հովանաւորողներուն նպատակները: Կը մաղթենք, որ Ռուսիա մնայ կայուն եւ ապահով», կը նշէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց Ռուսիան հարուածած ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնը կ՛ենթադրէ, որ համաշխարհային զօրակցութիւն ցուցաբերուի` զայն արմատախիլ ընելու աշխարհի երեսէն:
ՄԻՒՍ կողմէ, յայտնենք, որ Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսար հաստատեց, որ Ռուսիան հարուածած ահաբեկչական գործողութեան ընթացքին Ռուսիոյ լիբանանեան գաղութէն ոչ ոք վիրաւորուած է: