Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց իրենց համոզումը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ ներքին լիբանանեան միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը պահպանել: Տըրիան ընդունեց երեսփոխաններ Պիլալ Ապտալլան եւ Ֆայսալ Սայեղը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին առած քայլերը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նախագահական դատարկութեան փուլը կը յամենայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վիրահատման ենթարկուելուն առիթով լիբանանցի պատասխանատուներ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան անոր հետ` մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Այդ անձնաւորութիւններէն են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ ապօրինի դրութեամբ գործող համացանցի ծառայութիւնները զսպելու որոշումին գործադրման պարագային կարելի պիտի ըլլայ պետական գանձարկղին տարեկան 60 միլիոն տոլար ապահովել:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի յայտնեց, որ այս տարուան համար պրըվէի պետական քննութիւնը ջնջելու որոշումը գրեթէ հաստատ է` յոյս յայտնելով, որ ան մնայուն ջնջուի: Միւս կողմէ, Թրապուլսի ընդգծեց պաքալորէայի պետական քննութիւնը կատարելու կարեւորութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քլաուսը, որուն հետ քննարկեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` մեղմացնելու համար պաղեստինցի ժողովուրդին տառապանքը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախագահական ընտրութեան ամէն տեսակի նախաձեռնութեան ճակատագիրը ձախողութիւնն է` նկատի ունենալով, որ կայ նախագահական թեկնածու մը, որ լիբանանցիներուն համախոհութիւնը չի վայելեր: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելը կտրականապէս մերժելի է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարուածած է քրիստոնեայ համայնքին շահերը` աւելցնելով, որ անոր հետ հանդիպումը անօգուտ պիտի ըլլայ, «իսկ միայն լուսանկար ստանալու համար հանդիպիլը անտեղի է», յայտնեց Հաժ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները: Պոմպարտիերիի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Իտալիա երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու կարեւորութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ միջազգային, շրջանային եւ տեղական հարցեր: Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել ընտրութիւն կատարելով: «Եթէ իմ թեկնածուս չէք ընդունիր, ապա հանրապետութեան նախագահ չէք ունենար»-ի մօտեցումը մերժելի է», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թրասիզիօ Քոսթայի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուած զարգացումները:

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի Լիբանանի Մայրերու օրուան առիթով ողջունեց մայրերը, ինչպէս նաեւ լրագրող մայրերը` հաստատելով, որ անոնք իրաւունք ունին ընկերային երաշխիքներու:

«ՕԺԵՐՕ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապօրինի համացանցի ծառայութեան դէմ կարելի է պայքարիլ` առանց ընդհարումի կամ տարակարծութեան: Քրէյտիէ ընդգծեց, որ այդ պայքարը կարելի է յաջողցնել` մատչելի գիներով համացանցի աւելի լաւ ծառայութիւն տրամադրելով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենը: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Ներկայացուցած Են Ռաֆահի Մէջ Գործողութեան Հաւանական Այլընտրանքները»

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ. «Յստակ Է, Որ Ռայի Պատրիարքը Ոչ Մէկ Թեկնածուի Նկատմամբ Վեթօ Ունի» Շեշտեց Մըր

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.