Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Կացութեան Զարգացման  Հետեւելու Գրասենեակ Հաստատուեցաւ»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Լիբանանի Մէջ Կացութեան Զարգացման Հետեւելու Գրասենեակ Հաստատուեցաւ» Կ՛ըսէ Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Եահիա յայտնեց, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը ուղղակի կերպով կապի մէջ է Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան հետ` քուէյթցի քաղաքացիներու իրենց հայրենիք վերադարձի կարիքներէն տեղեկանալու համար: Եահիա քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախանձախնդիր է քաղաքացիներու անվտանգութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացման եւ այդտեղ յոռեգոյն կարելիութիւններու հետեւելու համար գրասենեակ հաստատուած է: Ան ըսաւ, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ Ապտալլա Բ. թագաւորը Հուսէյնիէ պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն կ՛ընկերակցէին անոր որդին` երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթն ու երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Ապտալլա Բ. թագաւորը զգուշացուց Կազայի մէջ տագնապի ծիրի ընդլայնման վտանգէն` շեշտելով «Լիբանանի կայունութիւնն ու անոր անվտանգութեան կայունութեան կարեւորութիւնը»: ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք յայտարարեց, որ այս շաբաթ պիտի այցելէ Լիբանան` նշելով. «Իսրայէլի...

Բագրատունի. «Չենք Կրնար Երկխօսութեան Հարցով  Նշաձողը Բարձրացնել, Որովհետեւ  Ատոր Գինը Քաղաքացին Կը Վճարէ»

Բագրատունի. «Չենք Կրնար Երկխօսութեան Հարցով Նշաձողը Բարձրացնել, Որովհետեւ Ատոր Գինը Քաղաքացին Կը Վճարէ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.»-ի «Հիուար Եոմ» յայտագիրէն Ժոել Պու Եունեսի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Վատիկանի քարտուղար Փարոլին կարտինալի Լիբանան այցելութեան նշեց, որ Վատիկանը չափաւորականութեան եւ համակեցութեան պահպանման կարեւորութեան գաղափարները կը ներկայացնէ, անիկա քրիստոնէական կարեւոր կեդրոն ըլլալուն կողքին նաեւ միջազգային խաղաղութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան պահպանման կեդրոն մըն է, ուստի կարտինալին Պէյրութ այցելութիւնն ու կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ...

Քաց. «Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել  Մեր Հողերուն Վրայ Յարձակիլ Շարունակել.  Մօտ Օրէն Պէտք Եղած Որոշումները Պիտի Տանք»

Քաց. «Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Մեր Հողերուն Վրայ Յարձակիլ Շարունակել. Մօտ Օրէն Պէտք Եղած Որոշումները Պիտի Տանք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իսրայէլ չի կրնար Հըզպալլային արտօնել մեր հողերուն եւ քաղաքացիներուն վրայ յարձակիլ Շարունակել, եւ մենք մօտ օրէն պէտք եղած որոշումները պիտի տանք»: «Ազատ աշխարհը պէտք է առանց որեւէ նախապայմանի Իսրայէլի կողքին կանգնի` Իրանի ղեկավարութեամբ չարիքի առանցքին եւ ծայրայեղական իսլամութեան դէմ իր պատերազմին մէջ», շեշտեց Քաց: «Մեր պատերազմը նաեւ ձեր պատերազմն է, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար...

Կութիերես. «Աշխարհը Չի Կրնար Թոյլ Տալ,  Որ Լիբանանը Դառնայ Հերթական Կազա»

Կութիերես. «Աշխարհը Չի Կրնար Թոյլ Տալ, Որ Լիբանանը Դառնայ Հերթական Կազա»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նախանցեալ օր ըսած է, թէ անհրաժեշտ է կանխել Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի ընդլայնումը, եւ աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ հերթական Կազա: Այդ մասին ան յայտարարած է Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Կութիերես խոր մտահոգութիւն յայտնած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ընդհարումներու ու «ռազմական հռետորաբանութեան» առնչութեամբ: «Մէկ չմտածուած...

ՖԻՆԻՒԼ. «ՄԱԿ-ի Դիրքերը Թիրախաւորելը Կամ  Մեր Դիրքերուն Մօտիկ Շրջաններ Կապոյտ Գիծէն  Անդին Յարձակում Գործելու Համար  Օգտագործելը Անընդունելի Է»

ՖԻՆԻՒԼ. «ՄԱԿ-ի Դիրքերը Թիրախաւորելը Կամ Մեր Դիրքերուն Մօտիկ Շրջաններ Կապոյտ Գիծէն Անդին Յարձակում Գործելու Համար Օգտագործելը Անընդունելի Է»

ՖԻՆԻՒԼ-ի գրասենեակի փոխտնօրէն Քանտիս Արտել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հոկտեմբերէն ի վեր ականատես եղանք մեր դիրքերուն ենթարկուած շարք մը դէպքերու, մեր մեքենաները երկու կողմերէն ալ կրակոցի ենթարկուեցան: Կարգ մը պարագաներու խաղաղապահ ուժերու անդամներ վիրաւորուեցան, բարեբախտաբար վէրքերը վտանգաւոր չէին: «Բոլոր կողմերուն շարունակաբար կը յայտնենք, որ ՄԱԿ-ի դիրքերը թիրախաւորելը կամ մեր դիրքերուն մօտիկ շրջաններ Կապոյտ գիծէն անդին յարձակում գործելու համար օգտագործելը անընդունելի...

Մաուլաուի. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն  Թիւը Աւելի Քան 2 Միլիոն Է, Եւ Անոնցմէ Միայն  600 Հազարին Կեցութիւնը Օրինական Է»

Մաուլաուի. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թիւը Աւելի Քան 2 Միլիոն Է, Եւ Անոնցմէ Միայն 600 Հազարին Կեցութիւնը Օրինական Է»

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի գոհունակութիւն յայտնեց իր նախարարութեան որդեգրած եւ 23 ապրիլ 2023-էն ի վեր գործադրուելու սկսած ապահովական ծրագիրի արդիւնքներուն նկատմամբ: Անոր կարծիքով` նշեալ ծրագիրը ունի չորս նպատակներ` օրինազանցութիւնները արգիլել ու որոնուող անձերը հետապնդել, լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ օրէնքը կիրարկել, Պէյրութի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներուն ապահովութեան զգացում ապահովել, ապահովական մարմիններու բարոյականը բարձրացնել, որպէսզի կարենան իրենց առաքելութիւնը ամբողջական...

Մքերի. «Եւրոպական Եւ Արեւմտեան Երկիրներու  Իրենց Դեսպանները Լիբանանէն Տուն Կանչելու  Սուտ Լուրերու Աղբիւրը Իսրայէլեան Է»

Մքերի. «Եւրոպական Եւ Արեւմտեան Երկիրներու Իրենց Դեսպանները Լիբանանէն Տուն Կանչելու Սուտ Լուրերու Աղբիւրը Իսրայէլեան Է»

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ելեկտրոնային կայքեր անհիմն տեղեկութիւններ կը սփռեն` պնդելով, թէ եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներ, որոնց շարքին Գերմանիան, Աւստրիան, Պելճիքան, Նետերլանտները, Ֆրանսան,  Բրիտանիան, Իտալիան ու Սպանիան իրենց դեսպանները Լիբանանէն տուն կը կանչեն: Ան ըսաւ, որ այսպիսի սուտ լուրերը Իսրայէլի կողմէ յաճախ կիրարկուող եւ տարբեր ձեւերով խթանուող հոգեբանական պատերազմին ծիրին մէջ են: Ան բոլոր...

Նեթանիահու. «Եթէ Զէնք Ստանանք, Համասին Պիտի Յաղթենք Եւ Հըզպալլան Պիտի Զսպենք»

Նեթանիահու. «Եթէ Զէնք Ստանանք, Համասին Պիտի Յաղթենք Եւ Հըզպալլան Պիտի Զսպենք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի կարենայ պաղեստինեան Համաս շարժումին վրայ «արագ յաղթանակ» արձանագրել եւ ապագայ որեւէ պատերազմի մէջ Հըզպալլան զսպել, եթէ իր կարիք ունեցած զէնքերը ստանայ: Ան երէկ իր արտասանած խօսքին մէջ մեծ գնահատանք արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ ամերիկեան վարչակազմին Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վերջ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն տրամադրած աջակցութեան, սակայն աւելցուց. «Զգացի,...

Պլինքըն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Հըզպալլայի Հետ Մագլցումէն Խուսափելու

Պլինքըն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ` Հըզպալլայի Հետ Մագլցումէն Խուսափելու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իսրայէլացի պաշտօնատարներուն շեշտեց Հըզպալլայի հետ մագլցումէն խուսափելու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց` աւելցնելու Կազային մատակարարուող մարդասիրական օժանդակութիւնները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Պլինքըն հանդիպում ունեցած է իսրայէլեան պատուիրակութեան մը հետ, որուն մաս կը կազմէին Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ցահի Հանեկպի եւ ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը...

Անդրադառնալով Նասրալլայի Զգուշացումին`  «Հակամարտութեան Մէջ Ներգրաւուած Չենք,  Որեւէ Կողմի Կողմնակից Չենք Եւ Լուծումին  Մաս Կը Կազմենք, Եւ Ոչ Թէ` Խնդիրին»  Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

Անդրադառնալով Նասրալլայի Զգուշացումին` «Հակամարտութեան Մէջ Ներգրաւուած Չենք, Որեւէ Կողմի Կողմնակից Չենք Եւ Լուծումին Մաս Կը Կազմենք, Եւ Ոչ Թէ` Խնդիրին» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես, մեկնաբանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Կիպրոսին ուղղուած զգուշացումը յայտարարեց. «Մենք հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած չենք, որեւէ կողմի կողմնակից չենք եւ լուծումին մաս կը կազմենք, եւ ոչ թէ` խնդիրին»: Խրիսթոտուլիտես Կիպրոսի համալսարանի շրջանաւարտներու ձեռնարկին ընթացքին լրագրողներուն յիշեցուց Կիպրոսի մարդասիրական օժանդակողի դերակատարութիւնը, «որ համաշխարհային գետնի վրայ, մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ ճանչցուած է»: «Մեր (դէպի Կազա) մարդասիրական միջանցքը...

«Եթէ Լիբանանին Պատերազմ Պարտադրուի,  Առանց Նշաձողերու Պիտի Կռուինք»  Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

«Եթէ Լիբանանին Պատերազմ Պարտադրուի, Առանց Նշաձողերու Պիտի Կռուինք» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա չորեքշաբթի երեկոյեան պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «8 ամիսէ ի վեր հնչող պատերազմի սպառնալիքը մեզ չի վախցներ, եւ կան մարդիկ, որոնք կը գնահատեն, թէ այդ կարելիութիւնը լուրջ է: Մենք` իբրեւ Դիմադրութիւն, մենք մեզ յոռեգոյն օրերու համար պատրաստեցինք, եւ թշնամին գիտէ, թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէ, եւ այդ պատճառով զուսպ կը մնայ»: «Թշնամին գիտէ, որ...

«Պատերազմը Հըզպալլան Սկսաւ, Եւ Մեր  Պարտականութիւնն Է Կացութիւնը Փոխել»  Կ՛ըսէ Կալանթ

«Պատերազմը Հըզպալլան Սկսաւ, Եւ Մեր Պարտականութիւնն Է Կացութիւնը Փոխել» Կ՛ըսէ Կալանթ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Պատերազմը Հըզպալլան սկսաւ, եւ մեր պարտականութիւնն է կացութիւնը փոխել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յառաջիկայ շաբաթ Միացեալ Նահանգներ պիտի այցելէ: «Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ իսրայէլացի քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Եթէ Հըզպալլան շարունակէ մեր վրայ յարձակում գործել, հարաւային Լիբանանը Կազային պիտի նմանի, եւ Պէյրութը...

Ըստ «Ժատիտ»-ի.  Քաթարցի Պաշտօնատարները Անհրաժեշտութեան  Պարագային Լիբանանցիները Կրնան Տոհա Հրաւիրել

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Քաթարցի Պաշտօնատարները Անհրաժեշտութեան Պարագային Լիբանանցիները Կրնան Տոհա Հրաւիրել

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, այս շաբաթ նախագահի ընտրութեան շուրջ հանդիպումներ տեղի պիտի չունենան, իսկ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում պիտի չունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որովհետեւ ներկայիս ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մարտի դաշտին վրայ: Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնած են, թէ քաթարցի պաշտօնատարները առօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին լիբանանեան խնդիրին լուծման համար նոր առաջարկ պատրաստելու վրայ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնան...

«Երկխօսութիւնը Անխուսափելի Է,  Եւ Արտաքին Ուժերուն Համար Նախագահի  Ընտրութիւնը Առաջնահերթութիւն Չէ»  Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Երկխօսութիւնը Անխուսափելի Է, Եւ Արտաքին Ուժերուն Համար Նախագահի Ընտրութիւնը Առաջնահերթութիւն Չէ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Ալսիասա Ալեաում» յայտագիրի հարցազրոյցի հիւրը: Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով Հզօր Լիբանան համախմբումի նախաձեռնութեան հանդէպ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ քաղաքական ուժ մը, երկու կամ...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Հըզպալլայի եւ Լիբանանի դէմ խաղի կանոնները փոխելու որոշումի որդեգրման պահուն շատ մօտ ենք»: «Համապարփակ պատերազմի ընթացքին Հըզպալլան պիտի ոչնչացուի եւ Լիբանան զգետնիչ հարուած պիտի ստանայ», նշեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ գինը պիտի վճարէ, սակայն ուժեղ պետութեան գոյութեամբ եւ բանակի ամբողջ ուժով հիւսիսի բնակիչներուն անվտանգութիւնը պիտի վերականգնենք»:    

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի Վրայ Յարձակումի Ծրագիրը Վաւերացուցած Է. Փենթակոն. «Ոչ Ոք Կ՛ուզէ Շրջանային Աւելի Լայնածիր Պատերազմ Մը Տեսնել»

Մինչ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի վրայ յարձակումի գործողութիւններու ծրագիր մը վաւերացուց, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային աւելի լայնածիր պատերազմ մը տեսնել»: Փենթակոնի բանբեր հազարապետ-զօրավար Փաթրի Ռայտըր յայտնեց. «Վարկածներու պիտի չանդրադառնամ եւ պիտի չենթադրեմ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, փոխարէնը պիտի ըսեմ, որ ոչ ոք կ՛ուզէ աւելի լայնածիր շրջանային պատերազմ մը տեսնել»: Նախքան այդ,...

Լիֆ. «Դիւանագիտութիւնը  Լուծման Միակ Ուղին Է»

Լիֆ. «Դիւանագիտութիւնը Լուծման Միակ Ուղին Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պատուիրակը (Էյմըս Հոքշթայնը, «Ա.») կը շարունակէ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ հարցերը հանդարտեցնելու աշխատանքը»: «Կազայի մէջ զինադադարը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ լուծումի հասնելու համար բեկում պիտի հանդիսանայ», աւելցուց Լիֆ: Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ նշեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանին վրայ կացութիւնը մտահոգիչ կերպով...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Ասիական Երկիրներու Դեսպաններուն Ներկայացուց  Հարաւի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն  Պատճառած Վնասները

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ասիական Երկիրներու Դեսպաններուն Ներկայացուց Հարաւի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Պատճառած Վնասները

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէի եւ մասնակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու յանձնախումբէն անդամներու, ինչպէս նաեւ ասիական երկիրներու եւ Աւստրալիոյ դեսպաններուն: Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ալամէ ժողովէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումին ներկայ էին Հարաւային Քորէայի, Ղազախստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Պանկլատեշի, Մալեզիոյ, Ֆիլիփինի, Չինաստանի, Սրի Լանքայի, Փաքիստանի, Ինտոնեզիոյ եւ...

Հոքշթայն. «Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Հակամարտութիւնը Բաւական Ժամանակ Շարունակուեցաւ,  Պէտք Է Վճռական Լուծումներ Որդեգրել»

Հոքշթայն. «Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Հակամարտութիւնը Բաւական Ժամանակ Շարունակուեցաւ, Պէտք Է Վճռական Լուծումներ Որդեգրել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ Թել Աւիւէն հասաւ Պէյրութ: Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան, ամերիկացի պատուիրակը իրեն հետ բերած է նախորդներէն աւելի խիստ ու վտանգաւոր պատգամ մը, թէ պէտք է բանակցելով զինադադար հաստատել, այլապէս մագլցումը անխուսափելի պիտի ըլլայ: Պայտընի պատուիրակը հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Քննարկուեցան...

Page 198 of 986 1 … 197 198 199 … 986

Արխիւներ