Սպիտակ Տուն. «Լիբանանի Ճակատին Վրայ Մագլցում Չենք Ուզեր»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի գիշեր յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ կացութեան կարգաւորման լաւագոյն ձեւը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումն է: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Լիբանանի ճակատին վրայ մագլցումին նկատմամբ իր երկրին խոր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ նշեց, որ Ուաշինկթըն «տարբեր ժամանակներու մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ շտապ բանակցութիւններ վարած...




















