Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իսրայէլ չի կրնար Հըզպալլային արտօնել մեր հողերուն եւ քաղաքացիներուն վրայ յարձակիլ Շարունակել, եւ մենք մօտ օրէն պէտք եղած որոշումները պիտի տանք»:
«Ազատ աշխարհը պէտք է առանց որեւէ նախապայմանի Իսրայէլի կողքին կանգնի` Իրանի ղեկավարութեամբ չարիքի առանցքին եւ ծայրայեղական իսլամութեան դէմ իր պատերազմին մէջ», շեշտեց Քաց:
«Մեր պատերազմը նաեւ ձեր պատերազմն է, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Կիպրոսին սպառնալը միայն սկիզբն է», ըսաւ իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:
Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան բանակը անցեալ երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ բանակի հիւսիսային ղեկավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Լիբանանի վրայ յարձակումի գործողութիւններու ծրագիրին:
Սակայն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան խորհրդարանի` Քնեսեթի արտաքին եւ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Եուլի Էտլշթայն յայտնած է. «Հըզպալլային դէմ հիմա կամ աւելի ուշ կռուիլը բարդ պիտի ըլլայ»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ յայտնեց. «Ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկեմ Հըզպալլայի դէմ հիւսիսային ճակատին վրայ կացութիւնն ու պէտք եղած ամերիկեան աջակցութեան ապահովումը»:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին կը վստահեցնեն, որ Հըզպալլայի հետ համապարփակ պատերազմ ծագելու պարագային պատրաստ է ամբողջական աջակցութիւն տրամադրելու»: Ամերիկացի պաշտօնատարներ այս մասին յայտնած են անցեալ շաբաթ Ուաշինկթըն այցելած իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ կազմուած պատուիրակութեան մը:
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ լայնածաւալ պատերազմ ծագելու պարագային ուժանիւթի կառոյցները պիտի վտանգուին, եւ աշխատանք կը տանինք զանոնք պաշտպանելու»: Ան նախապէս սպառնացած էր. «Եթէ Իսրայէլի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը ժամերով ընդհատուի, Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը ամիսներով պիտի ընդհատուի»: