«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, այս շաբաթ նախագահի ընտրութեան շուրջ հանդիպումներ տեղի պիտի չունենան, իսկ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում պիտի չունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որովհետեւ ներկայիս ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մարտի դաշտին վրայ:
Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնած են, թէ քաթարցի պաշտօնատարները առօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին լիբանանեան խնդիրին լուծման համար նոր առաջարկ պատրաստելու վրայ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնան լիբանանցիները դարձեալ Տոհա հրաւիրել:
«Ներկայիս կարեւորագոյն հարցը պատերազմի հարցն ու զգուշացման պատգամներն են, իսկ վախը իսրայէլեան խենթութենէն է, որ կրնայ շրջանը պայթեցնել», նշած են աղբիւրները: