Մինչ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի վրայ յարձակումի գործողութիւններու ծրագիր մը վաւերացուց, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային աւելի լայնածիր պատերազմ մը տեսնել»:
Փենթակոնի բանբեր հազարապետ-զօրավար Փաթրի Ռայտըր յայտնեց. «Վարկածներու պիտի չանդրադառնամ եւ պիտի չենթադրեմ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, փոխարէնը պիտի ըսեմ, որ ոչ ոք կ՛ուզէ աւելի լայնածիր շրջանային պատերազմ մը տեսնել»:
Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակի բանբեր հազարապետ-զօրավար Օտետ Պասիուք յայտարարեց, որ բանակը Լիբանանի մէջ յարձակում կատարելու գործողութիւններու ծրագիր մը որդեգրած է` նշելով. «Կացութեան արժեւորման ծիրին մէջ, հաւանութիւն տրուեցաւ եւ վաւերացումը կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ յարձակում շղթայազերծելու գործողութիւններու ծրագիրի մը, ինչպէս նաեւ մարտադաշտին մէջ ուժերու մարտունակութեան բարձրացումը շարունակելու վերաբերեալ որոշումներ տրուեցան»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի մէջ գոյութիւն ունի մտավախութիւն, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի մէջ իսրայէլեան որեւէ յարձակում արգիլելու համար կրնայ սահմանափակել յաւելեալ զէնքերու մատակարարումները:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը կայանին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յստակ կերպով որոշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ դիմակայութեան մէկ այլ ճակատ բանալ: