Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի գոհունակութիւն յայտնեց իր նախարարութեան որդեգրած եւ 23 ապրիլ 2023-էն ի վեր գործադրուելու սկսած ապահովական ծրագիրի արդիւնքներուն նկատմամբ:
Անոր կարծիքով` նշեալ ծրագիրը ունի չորս նպատակներ` օրինազանցութիւնները արգիլել ու որոնուող անձերը հետապնդել, լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ օրէնքը կիրարկել, Պէյրութի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներուն ապահովութեան զգացում ապահովել, ապահովական մարմիններու բարոյականը բարձրացնել, որպէսզի կարենան իրենց առաքելութիւնը ամբողջական կերպով կատարել:
Ան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ այդ ծրագիրը որդեգրուած է ընդառաջելով քաղաքացիներու բողոքներուն` աւելցնելով, որ ծրագիրը մեծ յաջողութիւն արձանագրած է, եւ այդ մասին կը վկայէ ոճիրներու համեմատութեան մեծ նուազումը եւ «մինչեւ իսկ Պէյրութի մէջ նախապէս պատահող ոճիրներու դադրեցումը»:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը ըսաւ, որ «սուրիական ներկայութեան թղթածրարը շատ փշոտ է» եւ առնչուած է միջազգային քաղաքականութեան, ամերիկեան եւ եւրոպական երկիրներու դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ կացութեան:
Մաուլաուի յայտնեց, որ այդ թղթածրարին «ամբողջական» լուծումը կախեալ է Սուրիոյ տագնապի ամբողջական լուծումէն, սակայն «մենք Լիբանանի մէջ չենք կրնար այդ ամբողջական լուծումը սպասել օրէնքի հիմամբ մեզի պարտադրուած քայլերուն գործադրութեան սկսելու համար»` աւելցնելով. «Լիբանան լիբանանեան օրէնքները եւ իր որդեգրած միջազգային համաձայնագիրները կրնայ գործադրել: Լիբանան ապաստանի երկիր չէ»:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ սուրիական ապաստանութիւնը Լիբանանին վնաս հասցնէ, սուրիացիներուն վնաս հասցնէ եւ Սուրիոյ ապագային վնաս հասցնէ: Մեր նպատակը Լիբանանի մէջ սուրիական կացութեան կարգաւորումն է: Մեր նպատակը ճշդուած ժամանակի ընթացքին գաղթականներու տունդարձի ծրագիրին գործադրութիւնն է», ըսաւ ան:
Լիբանանի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը աւելի քան 2 միլիոն է, բանտարկեալներուն 32 առ հարիւրը սուրիացի է, ոճիրներ գործելու համար սուրիացի կալանաւորուածներու թիւը 75 հազար է, եւ կարելի չէ «այս իրականութիւնը հերքել»:
«Սուրիացիներուն գործած ոճիրներուն տեսակը լիբանանեան հասարակութեան համար օտար է, ուստի սուրիական մեծաթիւ ներկայութիւնը կը վնասէ Լիբանանի մէջ անվտանգութեան», յայտնեց Մաուլաուի` աւելցնելով այն իրողութիւնը, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիներու մեծամասնութիւնը լիբանանեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն տրամադրուող օրինական կեցութեան արտօնագիր չունի, ուստի անոնց հետեւիլն ու անոնց արարքները հետապնդելը կը դժուարանան:
Ան նշեց, որ միայն 600 հազար սուրիացիներ կեցութեան արտօնագիր ունին: