Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Չենք Կրնար Երկխօսութեան Հարցով Նշաձողը Բարձրացնել, Որովհետեւ Ատոր Գինը Քաղաքացին Կը Վճարէ»

June 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.»-ի «Հիուար Եոմ» յայտագիրէն Ժոել Պու Եունեսի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Վատիկանի քարտուղար Փարոլին կարտինալի Լիբանան այցելութեան նշեց, որ Վատիկանը չափաւորականութեան եւ համակեցութեան պահպանման կարեւորութեան գաղափարները կը ներկայացնէ, անիկա քրիստոնէական կարեւոր կեդրոն ըլլալուն կողքին նաեւ միջազգային խաղաղութեան, արդարութեան եւ հաւասարութեան պահպանման կեդրոն մըն է, ուստի կարտինալին Պէյրութ այցելութիւնն ու կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումը պիտի նպաստէ հանդարտեցման եւ հասարակաց հողի ստեղծման, նախ եւ առաջ մարոնի ղեկավարներուն, եւ երկրորդ` լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ:

Ան յայտնեց, որ, ըստ իր տեղեկութիւններուն, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փարոլին կարտինալի միջեւ կրնայ եռակողմ հանդիպում մը տեղի ունենալ, իսկ եթէ որեւէ պատճառով ատիկա տեղի չունենայ, նախատեսուած են Փարոլին կարտինալի մարոնի ղեկավարներու հետ անջատ հանդիպումներ:

Խօսելով Լիբանանի հարցին մասին` Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք է սպասենք Փարոլին կարտինալի երկուշաբթիէն հինգշաբթի երկարող այցելութեան` տեսնելու համար, թէ կա՞ն արդիւնքներ կամ կարգ մը քայլեր, որոնք կը նպաստեն կարգ մը կուսակցութիւններու եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի ձեռնարկած նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան:

Անդրադառնալով երկխօսութեան հարցին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց. «Չենք կրնար նշաձողը բարձրացնել, որովհետեւ ատոր գինը հասարակ քաղաքացին կը վճարէ»:

Խօսելով նախագահի ընտրութեան հարցին մասին` ան ըսաւ, որ գոյութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններուն հասարակաց նպատակը ելք մը գտնելն է: Ան նշեց, որ միայն նախագահի անձին շուրջ պէտք չէ համաձայնիլ, եւ լուծումը պէտք է համապարփակ ըլլայ:

Հարցազրոյցի ամբողջութիւնը կը ներկայացնենք հետագային:

Նախորդը

Քաց. «Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Մեր Հողերուն Վրայ Յարձակիլ Շարունակել. Մօտ Օրէն Պէտք Եղած Որոշումները Պիտի Տանք»

Յաջորդը

Հայաստանի Վարչապետի Աշխատակազմը Ազրպէյճանի Նախագահի Աշխատակազմին Առաջարկած Է Զինադադարի Խախտման Դէպքերու Հետաքննութեան Երկկողմանի Մեքանիզմ Ստեղծել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.