Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Նասրալլայի Զգուշացումին` «Հակամարտութեան Մէջ Ներգրաւուած Չենք, Որեւէ Կողմի Կողմնակից Չենք Եւ Լուծումին Մաս Կը Կազմենք, Եւ Ոչ Թէ` Խնդիրին» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

Յունիս 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես, մեկնաբանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Կիպրոսին ուղղուած զգուշացումը յայտարարեց. «Մենք հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած չենք, որեւէ կողմի կողմնակից չենք եւ լուծումին մաս կը կազմենք, եւ ոչ թէ` խնդիրին»:

Խրիսթոտուլիտես Կիպրոսի համալսարանի շրջանաւարտներու ձեռնարկին ընթացքին լրագրողներուն յիշեցուց Կիպրոսի մարդասիրական օժանդակողի դերակատարութիւնը, «որ համաշխարհային գետնի վրայ, մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ ճանչցուած է»:

«Մեր (դէպի Կազա) մարդասիրական միջանցքը կը վկայէ խաղաղութեան եւ կայունութեան մեր յանձնառութեան մասին», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կիպրոսը խնդիրին մաս չի կազմեր, այլ` լուծումին»:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի եւ լիբանանեան կառավարութեան հետ հաւանական հաղորդակցութիւններու խողովակներուն, Խրիսթոտուլիտես նշեց, որ Կիպրոսը Լիբանանի կառավարութեան եւ Իրանի կառավարութեան հետ դիւանագիտական բաց խողովակներ ունի:

Կիպրոսի նախագահը սէյիտ Նասրալլայի խօսքերը նկատեց «տհաճ, սակայն իրողութիւնը չարտացոլացող»` ընդգծելով, որ Կիպրոս որեւէ զինուորական բախումի չի մասնակցիր:

Խրիսթոտուլիտես յայտնեց, որ կիպրական կառավարութիւնը հարցը պիտի լուծէ դիւանագիտութեան ճամբով:

Իսրայէլի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քորնիլիուս Քորնիլիու իսրայէլեան «Ուայնեթ» կայքին յայտնեց. «Երբ այս անձին պէս (Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին պէս, «Ա.») մէկը կը սպառնայ, անշուշտ պիտի պատասխանենք»` նշելով. «Մենք Իսրայէլի հետ սերտ համակարգումով կը գործենք»:

«Նասրալլայի սպառնալիքներուն վերաբերեալ Նիկոսիոյ պաշտօնական պատասխանին կը սպասենք», շեշտեց Քորնիլիու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ սէյիտ Նասրալլայի սպառնալիքներէն անակնկալի եկա՞ծ է, ան ըսաւ. «Այո եւ ոչ: Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւնները երբեք այսքան ուժեղ չեն եղած, եւ ասիկա ամէն բան է, որ երեսին վրայ կ՛երեւի»` աւելցնելով. «Կը փորձենք Իսրայէլի հետ սերտ համակարգումով մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա տեղափոխման մէջ համեստ դերակատարութիւն ունենալ: Ես վստահ եմ, որ ատիկա Հըզպալլայի կողմէ ողջունելի չէ»:

«Եթէ աչքէ անցընենք (Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ) օդանաւային թռիչքներուն թիւը, անակնկալի պիտի գանք: Վաղը դէպի Կիպրոս 19 թռիչքներ պիտի ըլլան: Ատիկա Իսրայէլի մէջ զբօսաշրջութեան, գործարարներու եւ քաղաքականութեան օրակարգին վրայ շատ ուժեղ երեւոյթ է», աւելցուց ան:

Կիպրական կառավարութեան բանբեր Քոնսթանթինոս Լեթիմպիոթիս Կիպրոսի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլայի յայտարարութիւնները «ոչ ուրախալի» են, եւ Նիկոսիան «դիւանագիտական խողովակներով յարմար քայլերը պիտի որդեգրէ»:

Ան յայտնեց, որ որեւէ պետութեան արտօնութիւն պիտի չտրուի Կիպրոսի ճամբով զինուորական գործողութիւններ կատարել:

Ան նշեց, որ Լիբանանի հետ Կիպրոսի յարաբերութիւնները գերազանց են, եւ բոլոր բանակցութիւնները դիւանագիտական մակարդակի վրայ տեղի պիտի ունենան:

Բանբերը ընդգծեց, որ Կիպրոս ներգրաւուած չէ եւ պիտի չմասնակցի որեւէ զինուորական հակամարտութեան: Ըստ «Սայփրըս Մէյլ»-ի, ան ըսած է. «Կիպրոս ներգրաւուած չէ եւ պիտի չներգրաւուի որեւէ պատերազմի կամ հակամարտութեան մէջ, ուստի Հըզպալլայի ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ»:

Կիպրական կառավարութեան բանբերը աւելցուց, որ կառավարութիւնը որեւէ պետութեան պիտի չարտօնէ կղզիին վրայ զինուորական գործողութիւններ կատարել, սակայն մատնանշեց Կիպրոսի մէջ բրիտանական ռազմակայաններու գոյութեան «իւրայատկութիւնը»` նշելով, որ անոնք «տարբեր կարգավիճակ կը վայելեն»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութիւնները հիմնուած են դիւանագիտական գործակցութեամբ լեցուն պատմութեան վրայ, եւ երկկողմանի հաղորդակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը առկայ են, շարունակական կշռոյթով են եւ միշտ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրագոյն մակարդակով` քննարկելու համար հասարակաց շահերուն առնչուած հարցերը»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր կիպրացի պաշտօնակից Քոնսթանթիանոս Քոմպոսի հետ եւ անոր յայտնեց «շրջանին մէջ կայունութեան զօրակցութեան մէջ Կիպրոսի խաղացած դրական դերակատարութեան վրայ դրած յոյսը»:

Կիպրական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ որեւէ ձեւով ներքաշուիլ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմին մէջ` նշելով, որ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատունը մէկ օրով փակելու որոշումը նախօրօք ճշդուած էր մուտքի արտօնագիրներու վերաբերեալ վարչական պատճառներով, եւ այսօրուընէ սկսեալ անիկա պիտի շարունակէ իր սովորական աշխատանքը:

Երկու նախարարները հաստատեցին «երկու երկիրները իրարու կապող բարեկամական խոր յարաբերութիւնները եւ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` ի շահ երկու ժողովուրդներուն»:

Նշենք, որ երէկ շրջանառուեցաւ այն տեղեկութիւնը, որ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատունը «ցնոր տնօրինութիւն» փակուած է, սակայն, աւելի ուշ այդ լուրը հերքուեցաւ եւ յստակացուեցաւ, որ փակումը մէկ օրուան համար է եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութեան հետ չէ առնչուած:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա չորեքշաբթի երեկոյեան իր արտասանած պատկերասփռուած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ունինք տեղեկութիւններ, թէ իսրայէլեան բանակը ամէն տարի Կիպրոսի մէջ Լիբանանի եւ անոր հարաւին նմանող լեռնային շրջաններու մէջ ռազմափորձեր կը կատարէ եւ կիպրական օդակայանները կ՛օգտագործէ»:

«Իսրայէլ կը նախատեսէ, որ Լիբանանի Դիմադրութիւնը յառաջիկայ պատերազմին ընթացքին պիտի թիրախաւորէ օդակայաններն ու իսրայէլեան օդանաւերու էջուղիները, եւ Լիբանանի դէմ իր պատերազմին մէջ զանոնք պիտի փոխարինէ օգտագործելով կիպրական օդակայաններն ու ռազմակայանները», նշեց սէյիտ Նասրալլա:

«Կիպրական օդակայաններն ու ռազմակայանները Լիբանանը հարուածելու համար իսրայէլեան թշնամիին դիմաց բանալը կը նշանակէ, թէ կիպրական կառավարութիւնը պատերազմին մաս կը կազմէ, եւ Դիմադրութիւնը անոր հետ պիտի վարուի` իբրեւ պատերազմին մաս կազմող», ընդգծեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Պաղ պատերազմի օրերուն երկու կողմերը գոյացուցին Համատեղ ինքնաոչնչացման հայեցակարգը, այսինքն` որեւէ կողմի յաղթանակը անկարելի է, միայն մարդկութեան վերջը կայ»: Ան նաեւ նշեց. «Կիպրոսը տասնամեակներ շարունակ դժուար օրերու մէջ լիբանանցիներուն ապաստանարանն էր»:

Նախորդը

«Եթէ Լիբանանին Պատերազմ Պարտադրուի, Առանց Նշաձողերու Պիտի Կռուինք» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ընկերային Ցանցեր, Լրագրութիւն Եւ Կեղծ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?