Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայն. «Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Հակամարտութիւնը Բաւական Ժամանակ Շարունակուեցաւ, Պէտք Է Վճռական Լուծումներ Որդեգրել»

Յունիս 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ Թել Աւիւէն հասաւ Պէյրութ: Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան, ամերիկացի պատուիրակը իրեն հետ բերած է նախորդներէն աւելի խիստ ու վտանգաւոր պատգամ մը, թէ պէտք է բանակցելով զինադադար հաստատել, այլապէս մագլցումը անխուսափելի պիտի ըլլայ:

Պայտընի պատուիրակը հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւններն ու հարաւային սահմաններուն վրայ զարգացումները:

Հոքշթայն ապա մեկնեցաւ Այն Թինէ, ուր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ լաւ քննարկում մը կատարած է:

«Դժուար ժամանակներէ կ՛անցնինք, եւ միջնորդներն ու Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման վերաբերեալ առաջարկը ընդունեցին, եւ Համաս շարժումը զայն պէտք է ընդունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Զինադադարը վերջ կու տայ պատերազմին եւ դիւանագիտական լուծումներու առիթ կ՛ընծայէ, եւ ատիկա նաեւ կրնայ վերջ տալ (Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի) Կապոյտ գիծի երկայնքին հակամարտութեան»:

«Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ Կապոյտ գիծի երկայնքին հակամարտութիւնը բաւական ժամանակ շարունակուեցաւ: Անմեղ քաղաքայիններ կը մահանան, կալուածներ կը վնասուին, լիբանանեան տնտեսութիւնը անկումի մէջ է, երկիրը անտեղի կերպով կը տառապի, եւ վճռական լուծում գտնելը բոլորին շահերէն կը բխի», ըսաւ ամերիկացի բանագնացը:

«Սահմանին վրայ կացութեան հանդարտեցումը բնակչութեան հարաւային Լիբանան եւ հիւսիսային Իսրայէլ վերադարձը պիտի արտօնէ», յայտնեց ան:

Հոքշթայն նաեւ նշեց. «Այսօր Պէյրութի մէջ եւ երէկ Իսրայէլի մէջ կատարած բանակցութիւններուս նպատակը յաւելեալ մագլցումէն եւ պատերազմի ընդլայնումէն խուսափումն է»:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին Պէյրութի իր տան մէջ ընդունեց ամերիկացի բանագնացը, անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնն ու դեսպան Ճոնսընը: Միքաթի հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանան մագլցումի չի ձգտիր, եւ պահանջուածը Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելն է եւ վերադառնալը հարաւային սահմաններուն վրայ հանդարտութեան ու կայունութեան»:

«Կը շարունակենք ձգտիլ մագլցումի դադրեցման, անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման, լիբանանեան գերիշխանութեան շարունակուող ոտնձգութիւններու եւ Իսրայէլի գործած համակարգուած սպանութեան ու քանդումի արարքներու դադրեցման», ըսաւ ան` շեշտելով. «Լիբանանի հասցէին շարունակուող իսրայէլեան սպառնալիքները մեզ ետ պիտի չպահեն հանդարտութեան հաստատման որոնումէն, բան մը, որ մեզի համար եւ Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն համար առաջնահերթութիւն է»:

Հոքշթայն իր կարգին հակիրճ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ. «Սովորականին նման վարչապետին հետ լաւ քննարկում կատարեցի: Դժուար ժամանակներէ եւ վտանգաւոր պահերէ կ՛անցնինք, եւ մենք միասնաբար կ՛աշխատինք գտնելու ուղին հասնելու տեղ մը, ուր, ինչպէս նախկին յայտարարութեանս մէջ նշեցի, կը կանխարգիլենք յաւելեալ մագլցումը»:

«Ժատիտ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակը Պէյրութէն մեկնելէ առաջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին. «Ամերիկացի պատուիրակին Լիբանան եւ Իսրայէլ այցելութիւններէն ետք յոռետեսական մթնոլորտ գոյութիւն ունի»:

Հոքշթայնի մեկնումէն ետք, Հըզպալլան վերսկսաւ իր հրթիռակոծումներուն: Իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը աւելի ուշ յայտարարեց. «Սահմանին վրայ կատարուողին պատասխանատուութիւնը կը կրեն իրանեան ցուցմունքներով գործող Հըզպալլան եւ լիբանանեան կառավարութիւնը»:

Նախորդը

Սպիտակ Տուն. «Լիբանանի Ճակատին Վրայ Մագլցում Չենք Ուզեր»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?