Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պատուիրակը (Էյմըս Հոքշթայնը, «Ա.») կը շարունակէ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ հարցերը հանդարտեցնելու աշխատանքը»:
«Կազայի մէջ զինադադարը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ լուծումի հասնելու համար բեկում պիտի հանդիսանայ», աւելցուց Լիֆ:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ նշեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանին վրայ կացութիւնը մտահոգիչ կերպով շատ փոփոխական է, եւ մենք մտահոգ ենք Լիբանանի մէջ Կապոյտի գիծի երկայնքին թշնամական գործողութիւններու մագլցումով: Դիւանագիտութիւնը լուծման միակ ուղին էր:
Լիբանանեան պետական հաւաստի աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Թել Աւիւէն ուղղակի Պէյրութ գալով Հըզպալլայի դէմ պատերազմը ընդլայնելու, ուստի եւ Լիբանանը աւելի մեծ չափով թիրախաւորելու իսրայէլեան սպառնական լուրջ պատգամներ փոխանցած է:
«Սպառնալիքը լուրջ է, աւելի քան երբեւէ, եւ անոր գործադրութենէն մեզ բաժնող ժամանակը` կարճ», յայտնած են հաւաստի աղբիւրները:
Աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած են, որ ամերիկացի պատուիրակը իրեն հետ Լիբանան բերած է սպառնական յստակ պատգամներ, ոմանք այցելութիւնը կը նկատեն վերջին փորձը, կացութիւնը լաւ չէ, հարցերը այլեւս չեն կրնար այսպէս շարունակուիլ, եւ եթէ արագ դասաւորումներ չկատարուին, կացութիւնը մեծապէս պիտի վատթարանայ:
Աղբիւրները հաղորդած են, որ Հոքշթայն իր հանդիպումներուն ընթացքին զգուշացուցած է. «Լիբանանցիները պէտք է ընդառաջող ըլլան, մանաւանդ որ Ռաֆահի ճակատամարտը կը մօտենայ իր աւարտին, եւ ատիկա Լիբանանի մէջ մագլցումի պիտի յանգեցնէ. ոչ ոք պիտի կարենայ զայն դադրեցնելու համար բան մը ընել»:
Ըստ աղբիւրներուն, Հոքշթայն համոզուած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան որեւէ լուծում 7 հոկտեմբեր 2023-էն առաջուան կացութեան վերադառնալով, այսինքն` հանդարտութեան ու կայունութեան վերականգնումով պիտի ըլլայ` տալով քաղաքական, զինուորական ու ապահովական երաշխիքներ, որ որեւէ լարուածութիւն պիտի չըլլայ, որպէսզի Թել Աւիւ կարենայ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները իրենց բնակարանները վերադարձնել, ինչ որ նաեւ կապուած պիտի ըլլայ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց գիւղեր եւ բնակարաններ վերադարձին:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը իր կարգին նշեց, որ գոյութիւն ունին մտահոգիչ ցուցանիշներ, եւ ամերիկեան վարչակազմին հետ կապ ունեցողներ Հոքշթայնի այցելութիւնը ամփոփելով կը նշեն, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ նուրբ պահու մը մէջ` «դառնալով պատերազմի կամ խաղաղութեան յետհաշուարկի համազօր»: