Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Լիբանանի մէջ Ժամաա Իսլամիայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Մոհամետ Թաքուշը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ արձանագրուած քաղաքական ու ապահովական վերջին զարգացումները, ընդգծուեցաւ Կազայի մէջ դիմադրութեան եւ Կազայի ժողովուրդին թիկունք կանգնելու ճակատամարտին մէջ դիմադրութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը: - ԻՐԱՆԻ Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ...




















