Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Լիբանանին Պատերազմ Պարտադրուի, Առանց Նշաձողերու Պիտի Կռուինք» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

June 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա չորեքշաբթի երեկոյեան պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «8 ամիսէ ի վեր հնչող պատերազմի սպառնալիքը մեզ չի վախցներ, եւ կան մարդիկ, որոնք կը գնահատեն, թէ այդ կարելիութիւնը լուրջ է: Մենք` իբրեւ Դիմադրութիւն, մենք մեզ յոռեգոյն օրերու համար պատրաստեցինք, եւ թշնամին գիտէ, թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէ, եւ այդ պատճառով զուսպ կը մնայ»:

«Թշնամին գիտէ, որ գոյացութեան մէջ որեւէ վայր մեր հրթիռներէն ու անօդաչու թռչող սարքերէն անվնաս պիտի չմնայ, այդ ալ ոչ անկանոն կերպով: Թիրախներու իսկական եւ մեծ ցուցակ ունինք, կարողութիւնը ունինք հասնելու այդ թիրախներուն եւ գոյացութեան հիմերը սասանելու», ըսաւ ան:

«Թշնամին նաեւ գիտէ այն, որ Միջերկրական ծովուն մէջ իրեն սպասողը շատ մեծ է, եւ անոր բոլոր ծովեզերքները, նաւերն ու մարտանաւերը պիտի թիրախաւորուին», աւելցուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Ունինք տեղեկութիւններ, թէ իսրայէլեան բանակը ամէն տարի Կիպրոսի մէջ Լիբանանի եւ անոր հարաւին նմանող լեռնային շրջաններու մէջ ռազմափորձեր կը կատարէ եւ կիպրական օդակայանները կ՛օգտագործէ»:

«Իսրայէլ կը նախատեսէ, որ Լիբանանի Դիմադրութիւնը յառաջիկայ պատերազմին ընթացքին պիտի թիրախաւորէ օդակայաններն ու իսրայէլեան օդանաւերու էջուղիները, եւ Լիբանանի դէմ իր պատերազմին մէջ զանոնք պիտի փոխարինէ` օգտագործելով կիպրական օդակայաններն ու ռազմակայանները», նշեց սէյիտ Նասրալլա:

«Կիպրական օդակայաններն ու ռազմակայանները Լիբանանը հարուածելու համար իսրայէլեան թշնամիին դիմաց բանալը կը նշանակէ, թէ կիպրական կառավարութիւնը պատերազմին մաս կը կազմէ, եւ Դիմադրութիւնը անոր հետ պիտի վարուի` իբրեւ պատերազմին մաս կազմող», ընդգծեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

 

 

Նախորդը

«Պատերազմը Հըզպալլան Սկսաւ, Եւ Մեր Պարտականութիւնն Է Կացութիւնը Փոխել» Կ՛ըսէ Կալանթ

Յաջորդը

Անդրադառնալով Նասրալլայի Զգուշացումին` «Հակամարտութեան Մէջ Ներգրաւուած Չենք, Որեւէ Կողմի Կողմնակից Չենք Եւ Լուծումին Մաս Կը Կազմենք, Եւ Ոչ Թէ` Խնդիրին» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.