Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատերազմը Հըզպալլան Սկսաւ, Եւ Մեր Պարտականութիւնն Է Կացութիւնը Փոխել» Կ՛ըսէ Կալանթ

June 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Պատերազմը Հըզպալլան սկսաւ, եւ մեր պարտականութիւնն է կացութիւնը փոխել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը:

Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յառաջիկայ շաբաթ Միացեալ Նահանգներ պիտի այցելէ:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ իսրայէլացի քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Եթէ Հըզպալլան շարունակէ մեր վրայ յարձակում գործել, հարաւային Լիբանանը Կազային պիտի նմանի, եւ Պէյրութը անձեռնմխելիութիւն չունի»:

«Մեր ուժեղ հակադարձութեան յետհաշուարկը սկսաւ, եւ զայն միայն Հըզպալլայի` ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի առաջարկը ընդունիլը պիտի դադրեցնէ», ըսած է պաշտօնատարը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի միջեւ երեքշաբթի օրուան ժողովը վատ էր»: Ան աւելցուց. «Հոքշթայն նշեց, որ զէնք չմատակարարելու վերաբերեալ (Նեթանիահուի հնչեցուցած) ամբաստանութիւնները սուտ են»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին միջեւ նոր տարակարծութիւնը կը խոչընդոտէ լիբանանեան սահմաններուն վրայ կացութեան հանդարտեցումը եւ Հըզպալլայի հետ պատերազմէն խուսափումը: Նեթանիահուի վարմունքը երկու դաշնակիցներուն միջեւ կը ստեղծէ բաց մը, որ կը յանգեցնէ յաչս Հըզպալլայի իսրայէլեան զսպումին մաշեցման», ըսած են աղբիւրները:

«Պայտընի խումբը զայրացած ու հիասթափուած էր Նեթանիահուէն, եւ պաշտօնատարներ ըսին, թէ ան անհաւասարակշիռ է», ըսած է պաշտօնատարը:

Նախորդը

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Քաթարցի Պաշտօնատարները Անհրաժեշտութեան Պարագային Լիբանանցիները Կրնան Տոհա Հրաւիրել

Յաջորդը

«Եթէ Լիբանանին Պատերազմ Պարտադրուի, Առանց Նշաձողերու Պիտի Կռուինք» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.