Ռաատ. «Քանի Մը Օրէն Պիտի Բացայայտուի Ուղին Եւ Պիտի Որոշուի Այն Մթնոլորտը, Որով Մենք Պիտի Ընթանանք»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ Քֆարթպնիթ գիւղին մէջ մեծարանքի ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց. «Թշնամիի վարչապետը տակաւին գրաւ կը դնէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գայ նախագահ մը, որ պիտի շարունակէ իրեն աջակցիլ, որպէսզի իրեն առիթ ընծայէ ապահովելու յաղթականի պատկեր, որով դուրս գայ իր շղթայազերծած այս պատերազմէն»: «Քանի մը օրէն պիտի բացայայտուի ուղին, ուստի կոչ կ՛ուղղենք` քանի մը օր համբերելու,...




















