Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնած է. «Հիւսիսի մէջ ունինք յստակ առաքելութիւն մը` Հըզպալլան հեռացնել սահմանային ցանկապատէն»: - ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ յայտնեց. «Մեր ուժերու աշխատանքը Լիբանանի մէջ Կապոյտ գիծի երկայնքին կայունութեան հաստատման մէջ վճռորոշ կը նկատուի»: «Միջազգային խաղաղապահ ուժերը պատրաստ են օգնելու լարուածութեան մեղմացման եւ թշնամական արարքներու դադրեցման վերադառնալու», յայտնեց Լասարօ:...




















