Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերին եւ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ցահի Հանեկպիին յայտնեց Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը»:
«Պլինքըն կարեւոր նկատեց գոյացումը համաձայնութեան մը, որ գերիներու ազատ արձակումը կ՛ապահովէ եւ կը նուազեցնէ պաղեստինցի ժողովուրդին տառապանքները», շեշտեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Պլինքըն Հանեկպիի եւ Տերմերի հետ քննարկեց զինադադարի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ մնացեալ հարցերը լուծելու քայլերը»:
«Նախարար Պլինքըն Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ մագլցումէն խուսափելու եւ դիւանագիտութեան ճամբով լուծումի հասնելու կարեւորութիւնը քննարկեց», հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: