Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Օսթին Եւ Կալանթ Քննարկեցին Իսրայէլի Վրայ Հըզպալլայի Յարձակումները»

Յուլիս 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար զօր. Փաթրիք Ռայտըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին խօսեցաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ` քննարկելու համար Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի վրայ շարունակուող յարձակումները»:

«Երկու նախարարները նաեւ քննարկեցին ամերիկեան-իսրայէլեան զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները` ի պատասխան շրջանային ապահովական շարք մը սպառնալիքներու», նշեց զօր. Ռայտըր:

Օսթին Կալանթին յայտնած է, թէ Կազայի ծովափին մօտ կառուցուած ժամանակաւոր նաւահանգիստը մօտ օրէն պիտի դադրի գործելէ, եւ բոլոր ցամաքային անցակէտերուն ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններու դէպի Կազա հոսքը աւելցնելու եւ Կազա տեղափոխելու համար օժանդակութիւններ Իսրայէլի Աշտոտ նաւահանգիստ հասցնելու կարեւորութիւնը շեշտած է:

«Օսթին եւ Կալանթ անգամ մը եւս հաստատեցին Համաս շարժումը մնայուն պարտութեան մատնելու, Համասի կողմէ պահուող բոլոր գերիներու, ներառեալ ամերիկացի քաղաքացիները, անվտանգ ազատ արձակումը ապահովելու հասարակաց փափաքը», յայտնեց Ռայտըր:

Փենթակոն նաեւ յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան նկատմամբ մեր մտահոգութիւնը կը բխի հաւանականութենէն սխալ գնահատականի մը, որ կրնայ ծագեցնել աւելի լայնածաւալ տագնապ մը, որ ոչ ոք կ՛ուզէ»:

«Այն, ինչ որ կ՛ուզենք Կազայի մէջ տեսնել, զինադադար է, որ կարելի կը դարձնէ հանդարտութեան վերականգնումն ու մարդասիրական թղթածրարի լուծումը», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Կազայի մօտ ստեղծուած ժամանակաւոր նաւահանգիստի վերահաստատման թուական չէ ճշդուած, «արդէն միշտ յայտարարեցինք, որ անիկա ժամանակաւոր է»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Իսրայէլ տեղական նախնական խորհրդակցութիւններու սկսաւ` Կազայի մէջ պատերազմին յաջորդող օրուան ծրագիր մշակելու համար»:

«Կը շարունակենք իսրայէլեան կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել` նուազեցնելու համար Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութեան պատճառով քաղաքային զոհերը», յայտնեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Կը շարունակենք ջանք թափել Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար»:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Լիբանանցիները Իրենք Պէտք Է Դժուար Հարցերուն Համաձայնական Արագ Լուծումներ Գտնեն, Առանց Արտաքին Միջամտութեան»

Յաջորդը

Նասրալլա. «Լիբանանի Անունով Բանակցողը Լիբանանեան Պետութիւնն Է»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?