Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով պատուիրակ Վլատիմիր Սաֆրոնքովի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւնը Լիբանանի եւ Կազայի վրայ Իսրայէլի  յարձակումներուն շարունակութեան լոյսին տակ:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով պատուիրակ Վլատիմիր Սաֆրոնքովի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տիրող կացութիւնն ու խաղաղութեան դադրած հոլովոյթը:

Ռուս պատուիրակը հանդիպումի ընթացքին շեշտեց բոլոր կողմերուն ինքնազսպում ցուցաբերելու կարեւորութիւնը` առ ի պատրաստութիւն խաղաղութեան հոլովոյթին: Ան նշեց, որ Լիբանան իր այցելութիւնը շրջանային շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ է:

– ՍԱՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին տարբեր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց` «մեղմացնելու պայմաններն ու հակադիր պայմանները, ինչպէս նաեւ նշեց, որ երկխօսութեան սկսիլը այլեւս անհրաժեշտութիւն է` մղձաւանջները փարատելու եւ դիրքորոշումները մօտեցնելու` հասնելու համար նախագահի ընտրութեան եւ հեռացնելու համար մեծ քայքայումի ուրուականը, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ կը տեսնենք, եւ դադրեցնելու արտաքին զարգացումներու վրայ անիրատեսական գրաւ դնելը: Գրաւը լիբանանցիներու միասնականութեան եւ տագնապէն դուրս գալու համար անոնց համագործակցութեան վրայ թող ըլլայ»:

– ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց ազգային երկխօսութեան զօրակցող կողմերը եւ բոլորը քաջալերեց ներկայ զգայուն ու լարուած փուլին մէջ միախմբուելու երկխօսութեան շուրջ` նկատի ունենալով, որ անիկա բոլոր քաղաքական հեղինակութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման եւ երկրին մէջ մագլցումն ու լարուածութիւնը կանխարգիլելու կը նպաստէ: Ան յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէրը դրական ընկալումի կ՛արժանանայ:

 

Նախորդը

Հուսիները Անօդաչու Թռչող Սարքով Հարուածեցին Թել Աւիւը Եւ Զայն Անապահով Շրջան Յայտարարեցին

Յաջորդը

Հըզպալլա. «Քաղաքայիններու Վրայ Որեւէ Յարձակումի Պատասխանը Նախապէս Թիրախ Չդարձած Բնակեցման Վայրերու Հարուածումը Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.