Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ իր կուսակցութեան Զահլէի մասնաճիւղէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ընթացող պատերազմը անմիջապէս որ աւարտի, եւ ինչ ալ ըլլայ անոր արդիւնքը, պէտք է լիբանանցիներուն միջեւ անկեղծութեան նիստ հրաւիրուի` բոլոր խնդիրները լուծելու մասին մտածելու համար` առանց ոեւէ մէկը ջնջելու կամ պատերազմներու մէջ ներքաշուելու, այլ բոլորին վերադարձնելով իրենց իրաւունքը` մերժելով ազատութենէն, արժանապատուութենէն եւ հողէն զիջումը»:
Ան մերժեց, որ բանակցութիւնները Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունենան, եւ քննարկումը կատարուի երկու կողմերուն միջեւ զանոնք գոհացնող լուծումներու շուրջ, «երբ լիբանանցի ժողովուրդը անկէ դուրս ձգուած է»:
«Թիւ 1701 որոշումը, որ կ՛արգիլէ Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշել, բաւարար չէ, եւ պէտք է անոր զուգահեռ թիւ 1559 որոշումը գործադրուի` զինաթափելու համար զինեալ միլիսները, եւ ատիկա աւելի կարեւոր է, քան առաջին որոշումը, որովհետեւ եթէ գործադրուէր, նոր որոշումներու կարիք չէինք ունենար», յայտնեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:
«Ան որ կ՛ուզէ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի փոխատուութիւն կատարել, թող այդ փոխատուութիւնը իր գրպանէն կատարէ եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն գրպանէն», ըսաւ ան:


