Հաւատարմութեան դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ եւ խորհրդարանի տեղեկատուութեան ու հաղորդակցութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն ելոյթ ունենալը «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի եւ Կազայի ու հարաւի 9 ամիսներէ ի վեր իսրայէլեան յարձակումին դիմակայման մէջ տոկունութեան յառաջացուցած շրջադարձները կ՛արտացոլացնէ:
Մուսաուի հարցազրոյց ունեցած է «Սի.Էն.Էն.»-ի աշխարհահռչակ լրագրող Քրիսթիան Ամանփուրի հետ:
Ան նշեց, որ այս շրջադարձները ամերիկեան հասարակութեան լայն հատուածներուն, ինչպէս ուսանողներուն եւ ուրիշներուն մօտ գիտակցութեան փոփոխութիւն յառաջացուցին, եւ կը թուի, թէ ամերիկեան լրատուամիջոցները ստիպուած դարձած են յարմարելու նոր իրականութիւններուն, որպէսզի նախ եւ առաջ իրենց ակնդիրներուն առջեւ իրենց հաւաստիութիւնը չկորսնցնեն:
«Դիմադրութեան տոկունութիւնը քաղաքականութեան ու մարտադաշտին մէջ հաւասարակշռութիւններ յառաջացուց եւ ինքնաբերաբար իր արտայայտութիւնը գտաւ լրատուամիջոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ, ինչպէս ամերիկեան եւ եւրոպական համալսարաններուն մէջ աննախադէպ ուսանողական ցոյցերը ցոյց տուին», նշեց երեսփոխան Մուսաուի:
«Սիոնական գոյացութեան հետ հակամարտութեան վերաբերեալ ամերիկեան աւանդական հռետորաբանութեան բնոյթը այլեւս ինքնին Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ շրջանակներու մօտ անընդունելի դարձած է, ուստի դասական քարոզչութիւնը, որ այս առումով կ՛օգտագործուէր, կորսնցուց իր ազդուութեան մէկ մեծ բաժինը, ինչ որ ամերիկեան լրատուական դաշտը մղեց քայլ պահելու այս նոր ուղղուածութեան հետ, սակայն առանց որ ատիկա նշանակէ, թէ հրաժարած է յօգուտ իսրայէլեան բռնագրաւումին կողմնակալութենէն», ըսաւ ան:
Մուսաուի յայտնեց, որ իրեն հետ հարցազրոյց կատարելու «Սի.Էն.Էն.»-ի դիմումին ընդառաջած է այն հիմամբ, որ «ասիկա առիթ է մեր ձայնն ու հռետորաբանութիւնը ամերիկեան հասարակութեան լսելի դարձնելու, փոխանակ թատերաբեմը ամբողջութեամբ իսրայէլեան հռետորաբանութեան ձգելու»:


