Խորհրդարանական ընդդիմութեան պատուիրակութեան եւ Հզօր Հանրապետութիւն խորհրդարանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ընդդիմադիր երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը պիտի շարունակէ խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն հետ քննարկումները. նախապէս խորհրդարանին մէջ տարբեր հարցերու շուրջ երեսփոխանական պլոքներու միջեւ տեղի ունեցան բազմաթիւ քննարկումներ, որոնք պարբերաբար ժողով կը գումարեն յանձնախումբերու նիստերու կամ անջատ հանդիպումներու ընթացքին` քննարկելու համար ընդհանուր հարցեր»:
Անդրադառնալով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահի պաշտօնին թեկնածութիւնը կանխաւ մերժելու ընդդիմութեան կեցուածքին` Հասպանի բացատրեց. «Մենք ընդդիմութեան մէջ չմերժեցինք նախագահի պաշտօնին Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը, սակայն չենք ընդունիր, որ իբրեւ միակ թեկնածու պարտադրուի, եւ կատարուած իրողութեան առջեւ դրուինք: Երկու թեկնածուներ առաջադրեցինք (Միշել Մուաուատն ու Ժիհատ Ազհուրը), եւ կոչ ուղղեցինք` օրինական թիւի ապահովումէն ետք ընտրական բաց նիստեր գումարելու, սակայն միւս կողմը նիստի օրինական թիւը կը տապալէ, եթէ իր թեկնածուին յաղթանակը չերաշխաւորէ»:
«Քննարկումը կը շարունակուի բոլոր երեսփոխաններուն հետ, մասնաւորաբար անկախներուն հետ, որոնց մեծ համեմատութիւնը զօրակցեցաւ մեր թեկնածուին կամ նախկին ընտրական նիստերու ընթացքին Ֆրենժիէի ընտրութեան չզօրակցեցաւ», ըսաւ Հասպանի: