Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Պէյրութի «Իմամ Խումէյնի» համալիրին մէջ Աշուրայի տօնին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը ծրագիրի գաղափարէն անդին անցաւ: 1982 թուականին Դիմադրութիւնը Իսրայէլի դէմ կը ներկայացնէինք, եւ գոյատեւելու ունակ կամ ձախողութեան ունակ ծրագիր մըն էր` այն հիմամբ, որ չէինք գիտեր, թէ զարգացումները ի՛նչ են կամ ի՛նչ կրնանք դիմակայել կամ պիտի յաջողի՞, թէ՞ ոչ»:
«Համբերութեան, տառապանքի, զոհողութիւններու, նահատակներու, վիրաւորներու եւ գերիներու 42 տարիներու անցնելէն ետք, 2000, 2006 եւ 2017 տարիներու իրերայաջորդ յաղթանակներէն ու ներկայիս Կազային թիկունք կանգնելու դիմակայութենէն ետք, կը գիտակցինք, որ Դիմադրութիւնը բռնագրաւումը վտարելու, անկախութեան վերատիրանալու, մեր երկիրը պաշտպանելու եւ մեր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու միակ բացառիկ ընտրանքն է, եւ միջազգային համակարգին մեզ ոչնչացնելու դիմելը Իսրայէլին ու մեր թշնամիներուն ի շահ եղող բացարձակ չարիք է», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը դադրեցաւ ծրագիր ըլլալէ եւ վերածուեցաւ Լիբանանի հիմնական սիւներէն մէկը: Այսինքն` այսօր չենք կրնար հզօր Լիբանանը, անկախ Լիբանանը կամ ապագայի Լիբանանը հասկնալ առանց անոր բնակիչներուն, յարանուանութիւններուն, բանակին եւ ժողովուրդին Դիմադրութեան: Առանց այս հիմնական սիւնին, որ Դիմադրութիւնն է, Լիբանանը չի կրնար կայունանալ կամ դիմակայել», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:


