Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «10 Օր Երկխօսութենէ Ետք Նախագահի Ընտրութիւնը Անխուսափելի Է»

July 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ամէնէն դիւրին ուղին երկխօսութիւնն է: Առանց երկխօսութեան երկիրը նախագահ պիտի չունենայ: Ընտրութեան երկու նախկին պարագաներուն նոյն բանը փորձուեցաւ, եւ ընտրութիւնը միայն երկխօսութեամբ կատարուեցաւ»:

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Պըրրիի կարծիքով` այդ հարցը այսօր շատ աւելի դիւրին է, որովհետեւ բոլոր կողմերը «երկխօսութեան համաձայն եղան, բացի մէկ կողմէ, որ զայն չ՛ուզեր: Կը լսեմ մերժողները, որոնք կ՛ըսեն, թէ կը մերժեն պաշտօնական երկխօսութեան սեղանը: Ե՞րբ երկխօսութեան սեղան նստեցանք, եւ ե՞րբ երկխօսութիւնը պաշտօնական էր: Ո՛չ Թաէֆի համաձայնութեան ժողովներուն ատեն այդպէս էր, ո՛չ Տոհայի համաձայնութեան ժողովներուն, ո՛չ 2006 թուականին, ո՛չ ալ ատկէ ետք: Այժմ պահանջուած միակ պաշտօնականը նախագահի ընտրութիւնն է, եւ այդ է, որ երկխօսութեան արդիւնքը սահմանադրութեան համահունչ կը պսակէ»:

«Երկխօսութիւնը, որուն կը հրաւիրեմ, անուններէն անդին է, ինչպէս նաեւ անդին այն անունէն, որուն նկատմամբ մղձաւանջ ունին: Ըսին, որ Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան դէմ են, ուստի անոնց ըսի, թէ ան միակ թեկնածուն չէ, այլ մէկը այն թեկնածուներէն, որոնց անունները պիտի դիտարկուին երկխօսութեան սեղանին վրայ:

«Եթէ անոնցմէ մէկուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնենք, անմիջապէս զինք ընտրելու կ՛երթան: Կամ ալ, թեկնածուներու անուններ կ՛առաջադրենք, ապա երկու, երեք կամ չորս թեկնածուներով նախագահի ընտրութեան նիստ կը գումարենք, եւ թող յաղթէ ան, որ քուէներու մեծամասնութիւնը կ՛ապահովէ: Երկխօսութիւնը, որուն կը հրաւիրեմ, Ֆրենժիէն ընտրելու համար չէ, այլ ընտրելու այն նախագահը, որուն կողմերը համաձայն են», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

«Երկխօսութիւնը միայն տասը օրուան համար է, որուն աւարտին անխուսափելիօրէն նախագահի ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ատիկա խոստացայ բոլոր անոնց, որոնց հետ խօսեցայ», յայտնեց Պըրրի:

Նախորդը

Հըզպալլա. «Քաղաքայիններու Վրայ Որեւէ Յարձակումի Պատասխանը Նախապէս Թիրախ Չդարձած Բնակեցման Վայրերու Հարուածումը Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Ռաատ. «Քանի Մը Օրէն Պիտի Բացայայտուի Ուղին Եւ Պիտի Որոշուի Այն Մթնոլորտը, Որով Մենք Պիտի Ընթանանք»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.