– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հարցուցած է, թէ նախագահի ընտրութեան հարցին շուրջ որեւէ նորութիւն կա՞յ: «Բացարձակապէս ոչինչ կայ, ո՛չ նախաձեռնութիւններ, ո՛չ այլ բան… տակաւին մեր տեղն ենք», ըսած է Պըրրի:
– ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պահսալի յայտնեց, որ Կարմիր ծովուն մէջ տագնապին պատճառով դէպի Լիբանան ապրանքներու հոսքին դիմագրաւած կարգ մը խնդիրներէն ետք, անոնց հոսքը աւելի հաւասարակշռուած դարձած է, եւ այդ ապրանքները իրերայաջորդ կերպով կը հասնին, հակառակ Ափրիկէի շուրջ շրջելնուն պատճառով յառաջացած ուշացումին: Ան նշեց, որ ներկայիս լիբանանեան պահեստանոցներուն մէջ գտնուող սննդեղէնները բաւարար են երկու կամ երեք ամսուան համար, ինչ որ այն մակարդակն է, որուն վրայ կը գտնուէր 2019-ի գարնան ելեւմտական ու տնտեսական քայքայումին սկսելէն առաջ:


