«Մեթնի Մէջ Մեզի Ձեռք Երկարողներուն, Եւ Անշուշտ ՀՅԴ-ի Հետ Պիտի Աշխատինք Մեթնի Բարգաւաճման Համար» Կ՛ըսէ Պասիլ
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան, հոսանքի Մեթնի մասնաճիւղի ընթրիքի ընթացքին յայտնեց. «Ազգային ազատ հոսանքը պահպանելը անոր ոեւէ անդամի պահպանումէն կարեւոր է, որովհետեւ հոսանքը ոեւէ անհատէ մեծ է»` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք մեր աչքերուն լոյսով հոսանքը պահպանել, որպէսզի ուժեղ մնայ, եւ ես ձեզի կը խոստանամ, որ...




















