Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Բարձր Կը Գնահատենք Իրաքի` Լիբանանի Կողքին Կանգնիլը, Եւ Կը Շարունակենք Առնչակիցներու Հետ Կապ Հաստատել Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վերահսկողութենէ Դուրս Գալը Կանխարգիլելու Համար»

July 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ իր այցելուներուն առջեւ յայտնեց, որ կը գնահատէ Իրաքի` Լիբանանի տարբեր ոլորտներու մէջ տրամադրած ամբողջական աջակցութիւնն ու իրաքեան կառավարութեան երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ երկկողմանի գործակցութիւնը գործի լծելու եւ յարաբերութիւններուն մէջ դէպի նոր հորիզոններ ընթանալու պատրաստակամութիւնը:

Ան յայտնեց, որ կիրակի օր Իրաք իր այցելութեան ընթացքին Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի հետ քննարկած է այդ բոլոր թղթածրարները, եւ այդ քննարկումները պիտի շարունակուին սեպտեմբերին Պէյրութի մէջ նախատեսուած տնտեսական միացեալ յանձնախումբի ժողովի ընթացքին:

Ան ըսաւ. «Մենք բարձր կը գնահատենք եղբայրական Իրաքի մնայուն կերպով բոլոր ոլորտներուն մէջ Լիբանանի կողքին կանգնիլը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք վարչապետին Լիբանանին աջակցութիւն եղող եւ Լիբանանի գտնուած դժուար կացութենէն դուրս գալուն օգնող ամէն ինչին մօտէն հետեւելուն համար»:

Խօսելով բանակի թղթածրարին եւ սպայակոյտի պետի հարցին մասին վարչապետի պաշտօնակատարը ըսաւ. «Նախարարաց խորհուրդը իր որոշումը տուաւ` նշանակելու սպայակոյտի պետ մը, եւ լրացուցիչ քայլերը կը մնան ուշադրութեան կեդրոն»:

Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի կացութեան, Միքաթի յայտնեց. «Գետնի վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումները անշուշտ զգուշացումի կը մղեն, սակայն պիտի շարունակենք առնչակիցներուն հետ քննարկել եւ պէտք եղած դիւանագիտական կապերը հաստատել կացութեան վերահսկողութենէն դուրս գալը կանխարգիլելու համար: Չենք կրնար ըսել, թէ հաւաստումներ եւ երաշխիքներ կան, որովհետեւ ոչ ոք կ՛երաշխաւորէ իսրայէլացի թշնամիի մտադրութիւնները, սակայն կացութեան անդադար հետապնդումը կը շարունակենք»:

«Կը շարունակենք դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները հանդարտ երկարաձգում ապահովելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան, որուն հարաւի մէջ հիմնական դերակատարութիւնն ու անոր ու բանակին միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը բարձր կը գնահատենք: Մեր հաստատած կապերուն միջոցով նշմարեցինք այդ դերակատարութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեան գոյութիւնը, մանաւանդ հարաւային Լիբանանի գտնուած նուրբ պայմաններուն մէջ», յայտնեց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, ազգային պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սամատի, Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորի, Պելճիքայի դեսպան Քուին Վիրվաքի, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պատրանի եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչի պատուիրակութեան հետ:

 

Նախորդը

Ապու Հայտար Կը Մեկնաբանէ Պատերազմի Պարագային Արտակարգ Դրութեան Պետական Ու Կառավարական Ծրագիրը

Յաջորդը

Շէյխ Քաուք. «Իսրայէլ Շրջանը Դրաւ Մագլցումի Ուղիին Վրայ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.