Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը կը շարունակէ բոլոր ազդու առնչակից կողմերը յորդորել զինադադար հաստատելու, ինչպէս նաեւ կը շարունակենք Կապոյտ գիծին վրայ մեր աշխատանքը կատարել` մագլցումը հանդարտեցնելու եւ որեւէ սխալ հասկացողութիւն կանխարգիլելու համար:
«Պիտի շարունակենք մեր կարելին ընել լարուածութիւնը սահմանափակելու եւ թիւ 1701 որոշումին ամբողջական գործադրութեան վերադառնալու` նկատի ունենալով, որ ի վերջոյ ատիկա է կայունութեան եւ խաղաղութեան ուղին», ըսաւ Թինընթի:
Ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ղեկավարութիւնը «կը շարունակէ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ հաղորդակցութեան սակաւաթիւ խողովակներէն մէկը ապահովել եւ աշխատանք կը տանի տագնապները լուծելու, լարուածութիւնները մեղմացնելու եւ արգիլելու վտանգաւոր սխալ հասկացողութիւնը, որ կրնայ յանգեցնել աւելի լայնածաւալ տագնապի, որ ոչ ոք կ՛ուզէ»:
«Քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումը երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ միակ գործադրելի լուծումն է», շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը:
«Որեւէ լուծում, որ բռնութիւն կը պարունակէ, միայն Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն վրայ յաւելեալ մահուան ու քանդումի պիտի յանգեցնէ», ըսաւ ան:
Խօսելով առաքելութեան երկարաձգումէն կամ զինադադարի հաստատումէն ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան մասին` Թինընթի յայտնեց. «Ներկայիս միջազգային գլխաւոր շահակից կողմերը աշխատանք կը տանին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ թշնամական գործողութիւնները դադրեցնելու գործադրելի լուծումներ գտնելու, եւ մենք պատրաստ ենք աջակցելու որեւէ համաձայնութեան, որոնք կողմերը կրնան միջազգային ընտանիքի եւ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ հասնիլ»:
«Իբրեւ խաղաղապահ ուժեր մեր դերը Ապահովութեան խորհուրդին մեզմէ պահանջած առաքելութիւնը կատարելն է, թիւ 1701 որոշումին իրենց գործադրութեան մէջ կողմերուն աջակցիլը: Իսկ լիազօրութեան վերանորոգումը Ապահովութեան խորհուրդը ինք կ՛որոշէ», ըսաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը:


