Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ» Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան

July 25, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց եւ խօսքը լիբանանեան երեսփոխանական պլոքներուն ու ուժերուն ուղղելով յայտնեց. «Երկրին բնոյթը այնպիսին է, որ այնտեղ կը խաչաձեւուին աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ կողմերուն շահերը, եւ Լիբանանը շրջանին մէջ տեղի ունեցողէն մեկուսացնելը անկարելի է»:

Ան աւելցուց, որ անձնատուութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է, եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ Լիբանանի դէմ հաստատուած պաշարումին նպատակը երկրին վրայ քաղաքական տիրութիւն հաստատելն է:

«Մեկնելով ասկէ, նախագահի ընտրութեան խնդիրը անոր ինքնութեան շուրջ է, եւ կարելի չէ ընդունիլ առանց ազգային ինքնութեան կշիռ ունեցող նախագահ մը: Պահանջուածը որոշումներ տուող նախագահ մըն է, եւ ոչ թէ` խամաճիկ նախագահ մը, եւ ատիկա կ՛իրագործուի երեսփոխաններու միջեւ մերձեցումով եւ ոչ թէ` իրարմէ հեռանալով:

«Առանց երեսփոխանական փոխզիջումի չկայ նախագահ, եւ ազգային շահերուն ոտնահարումը կը սպառնայ Լիբանանի ինքնութեան: Խնդիրը երկրի, սկզբունքներու խնդիր է եւ քաղաքական անկախութեան պայքար, մինչ գոյութիւն ունի պատերազմի ոլորապտոյտ մը, որ ամբողջ շրջանին խորքը կը հարուածէ:

«Այն, ինչ որ այժմ հարաւային ճակատին վրայ տեղի կ՛ունենայ, կը հաստատէ շրջանին մէջ Լիբանանի գերիշխանական արժէքը: Լիբանանը առանց գոյացական անկախութեան արժէք չունի, եւ պետութիւնը առանց գերիշխանական որոշումի արժէք չունի: Համակեցութիւնը երկրին մեծագոյն սրբութիւնն է, եւ կարելի չէ համակեցութիւնը երաշխաւորել առանց շրջանային գերիշխանական կարողութիւններու, որոնք կը զսպեն Իսրայէլն ու Ուաշինկթընը եւ կ՛երաշխաւորեն լիբանանեան ընտանիքին լիարժէք գործընկերութիւնը:

«Այսօր Իսրայէլ իր գոյութենական տագնապին մէջ ընկղմած է, եւ անոր պարտուողական կացութիւնը աննախադէպ է: Պէտք է բացառապէս հայրենասէրներ ըլլանք, եւ չկայ հայրենասիրութիւն` առանց Լիբանանի շրջանային շահերուն»:

 

Նախորդը

Ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի Հետաքննութեան. Հարաւային Լիբանանի Մէջ Աւելի Քան 3200 Տուներ Քանդուած Են Եւ Աւելի Քան 90 Հազար Մարդիկ Իրենց Տուներէն Հեռացած

Յաջորդը

Պեն Ղաֆիր. «Հըզպալլայի Դէմ Համապարփակ Պատերազմին Կը Զօրակցիմ, Եւ Զայն Շղթայազերծելու Համար Որքան Շտապենք, Այդքան Լաւ»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.