Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Իսրայէլեան թշնամիին իրավիճակը այժմ ներքնապէս փտած է եւ անկարող է ոտքի կանգնիլ, եւ նոյնիսկ եթէ անոր ամէնէն արդիական զէնքերը մատակարարուին, ան պիտի չկարենայ հաւասարակշռութիւնը փոխել, որովհետեւ անդամալուծութիւնը զայն ներսէն կը կրծէ, եւ գլուխէն մինչեւ ոտքին ծայրը բորբոսած է»:
«Պառակտումները, թուլութիւնն ու տարակարծութիւնները, որոնք կը խոչընդոտեն լուրջ ծրագրաւորումն ու ճիշդ տեսլականը, կը խանգարեն, որ ան շարունակէ իր մարտահրաւէրն ու անոր մէջ յաջողութեան հասնի», ըսաւ երեսփոխան Ռաատ:
Ան նշեց, որ թշնամին իր կատարած բոլոր յարձակումներէն ու օգտագործած բոլոր զէնքերէն ետք աղէտալի ձախողութեան պիտի մատնուի:


