Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ շաբաթ օր Տհուր Շուէյրի մէջ Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազիժիի հետ հանդիպումի ընթացքին բոլոր քաղաքական ղեկավարներուն եւ երեսփոխաններուն կոչ ուղղեց. «Եթէ ձախողեցանք նախագահի ընտրութեան շուրջ, իրարու հետ համաձայնելու քաջութիւնը ունենանք մեր ձախողիլը յայտարարելու եւ հաւաքական հրաժարական ներկայացնելու որուն արդիւնքը, ընտրական օրէնքին վրայ կարգ մը բարեփոխումներ կատարելէ ետք, կ՛ըլլայ նոր իշխանութեան գոյացումը»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի Պաալպեքի մէջ Արաբական ընկերվարական Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազիի կողմէ իր պատիւին կազմակերպած հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի առաջին նամակը սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ կը պարունակէր մեր զօրակցութիւնը Դիմադրութեան, որ ուժեղ կերպով պիտի շարունակուի, եւ ասիկա ամբողջ աշխարհին` թշնամիներուն եւ բարեկամներուն ուղղուած համաշխարհային պատգամ մըն է»:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Դիմադրութեան նկատմամբ զօրակցութեան կեցուածքը ամբողջ 45 տարուան ընթացքին չփոխուեցաւ, եւ Իրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Լիբանանին ու անոր քաջարի Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ աջակցիլ Սուրիոյ», ըսաւ Իրանի դեսպանը:

– ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր Վատիկանի դեսպանատան հաստատման 75-ամեակին առիթով պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Տագնապները զէնքով չէ, որ կը լուծուին, այլ բանակցութիւններով: Որովհետեւ խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւնը չէ, այլ արդարութեան գործադրումն ու ստեղծումը, եւ սիրոյ պտուղ է, ուստի խաղաղութեան ինչպէս կրնայ նպաստել ան, որ իր մէջ պատերազմի զգացումներ կը սնուցէ: Այս է եկեղեցւոյ պաշտօնական ու մնայուն ուսուցումը, եւ այդ պատճառով ալ չենք կրնար պատերազմը ընդունիլ, որովհետեւ ատիկա քանդումը, անզէն բնակիչներու սպանութիւնը, տեղահանութիւնը, աղքատութիւնը, զրկանքը եւ տառապանքները ընդունիլ է, ինչպէս է պարագան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը շաբաթ ուշ գիշերին հրթիռակոծեց Սուրի հիւսիսը գտնուող Ատլունի դաշտ շրջանը: Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, «Ատլուն գիւղին վրայ յարձակումին թիրախը զինամթերքի պահեստանոց մըն էր»: Իսրայէլի հետ սահմանէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ատլունի վրայ յարձակումին պատճառով շարք մը պայթումներ տեղի ունեցան եւ բեկորներ ինկան մօտակայ գիւղերուն վրայ, ներառեալ Պըրժ Ռահալ գիւղը:

 

Նախորդը

«Իսրայէլին Մեր Հակադարձութիւնը Մեծ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսեն Հուսիները

Յաջորդը

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ողջունեց Միջազգային Արդարադատութեան Դատարանի Խորհրդատուական Տեսակէտը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.