Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ միջազգային հնգեակին մօտիկ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան անցեալ շաբաթ այցելած է Ռիատ, ուր հանդիպում ունեցած է արքունիքի խորհրդական, լիբանանեան թղթածրարով զբաղող Նիզար Մաալուլայի հետ, եւ քննարկած արդիւնքները Լը Տըրիանի հաղորդակցութիւններուն, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ անոր վերջին հանդիպումին:

Աղբիւրները չեն հաստատած, եթէ Հոքշթայն Ռիատ այցելած երկրորդ անձն է, որովհետեւ անոնք փարիզեան հանդիպումի ընթացքին համաձայնած էին միասնաբար Տոհա եւ Ռիատ այցելել, սակայն որեւէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն այդ մասին չակնարկեց:

–  ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ուժերու երեսփոխանները ներկայացուցին դիմում մը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին կոչ ուղղելով` գումարելու ընթացող պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն շուրջ լսումի նիստ մը: Երեսփոխաններ Ժորժ Օքայս, Մարք Տաու, Աշրաֆ Ռիֆի եւ Սելիմ Սայեղ խորհրդարանին մէջ այս հարցին շուրջ տուին մամլոյ ասուլիս մը:

–  ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը պատրիարքական ամարանոց Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Շաուքի Տաքքաշն ու Զիատ Հաուաթը` ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէջ հոգեւոր հեղինակութիւններու հետ կապի գրասենեակի ղեկավար Անթուան Մրատի եւ գրասենեակի անդամներ Էլի Շուէյրիի, Ժան Մուսայի Եւ Փիեռ Տաուի: Ռայի պատրիարքը իր այցելուներուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար «նախագահական ընտրութիւնը կատարելու կարեւորութիւնն ու հարաւի մէջ ցաւալի կացութիւնը: Հաստատուեցաւ պետութեան կառուցման եւ անոր գերիշխանութեան վերատիրացման կարեւորութիւնը»:

–  ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ գրասենեակին մէջ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ սպառողական գիները յունիս 2024-ին 0,28 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատմամբ մայիս 2024-ին, իսկ յունիս 2023-ի բաղդատմամբ 41,78 առ հարիւրի աճ մը:

Պէյրութի մէջ սղաճի ամսական աճը եղած է 1,29 առ հարիւր, Լեռնալիբանանի մէջ` 0,31 առ հարիւր, իսկ Պեքաայի մէջ` 0,44 առ հարիւր:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Մեկնելուն Նախօրեակին. «Պայտընին Շնորհակալութիւն Պիտի Յայտնեմ Իսրայէլի Համար Կատարածին Համար, Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Պիտի Քննարկենք» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Յաջորդը

Ապու Հայտար Կը Մեկնաբանէ Պատերազմի Պարագային Արտակարգ Դրութեան Պետական Ու Կառավարական Ծրագիրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.