Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Պաղտատի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իրաքի Նախագահին Ու Վարչապետին Հետ Եւ Զանոնք Հրաւիրեց Այցելելու Լիբանան

July 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետարանը յայտարարեց, որ Իրաքի նախագահ Ապտելլաթիֆ Ռաշիտ Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեան Իրաքի փոխվարչապետ, քարիւղի նախարար Հայան Ապտելղանիի:

Քննարկուած են արաբական ու միջազգային զարգացումները եւ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Միքաթի գնահատած է Պահրէյնի մէջ վերջին վեհաժողովի ընթացքին Իրաքի նախագահի Լիբանանի աջակցութեան կեցուածքը` նշելով, որ Իրաք իր այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւնները զօրացնելու եւ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու ծիրին մէջ է` Իրաքի նախագահը պաշտօնապէս հրաւիրելով Լիբանան այցելելու:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին վերջինս ալ հրաւիրեց Լիբանան այցելելու:

Անոնք քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները, տնտեսական գործընկերութեան ամրապնդումն ու իրաքեան քարիւղը Լիբանան ներածելու երկկողմանի համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանի կացութիւնն ու այնտեղ քաղաքական ու ապահովական վերջին զարգացումները:

Իրաքի վարչապետը շեշտեց. «Պէտք է դադրեցնել Լիբանանի ու Պաղեստինի վրայ յարձակումը եւ ջանք թափել տագնապին շրջանային մակարդակի վրայ ընդլայնիլն ու յաւելեալ անմեղ զոհերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար»:

Միքաթի իր կարգին գնահատեց «Սուտանիի ջանքերը եւ Լիբանանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններուն աջակցելու իրաքեան կառավարութեան քայլերը», ինչպէս նաեւ «շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ մերձեցման եւ կայունութեան աջակցող իրաքեան ջանքերը»:

Հաստատելով տնտեսական ու առեւտրական փոխանակման համաձայնութիւններու գործադրման շարունակութիւնը եւ երկու երկիրներուն պետական ու սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ դիտարկելով Լիբանանի մէջ իրաքեան ճարտարարուեստական քաղաքի կառուցում ներառող ծրագիրներու ձեռնարկելը, կարեւոր նկատուեցաւ փոխադարձ ներդրումներու առիթներու բազմազանեցման կարելիութիւնը:

Միքաթի նաեւ խօսեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ թմրեցուցիչի առեւտուրի ոլորտներուն մէջ Իրաքի հետ ապահովական համագործակցութեան ու համակարգման բարձրացման մասին, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերի վերջաւորութեան երկու կողմերուն միջեւ տնտեսական գործընկերութեան յանձնախումբի գումարման երկկողմանի պատրաստութիւններու շարունակութեան կարեւորութեան մասին:

«Քննարկեցինք բոլոր մակարդակներուն վրայ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, եւ արծարծեցինք Պաղեստինի մէջ ընթացող դէպքերուն եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերաբերեալ կեցուածքները, եւ մեր դիրքորոշումները կը համընկնէին, թէ առաջնահերթութիւնը իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելն ու պաղեստինցիներուն տալ իրենց իրաւունքները տալն է:

«Ինչպէս նաեւ քննարկեցինք Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի վրայ, եւ այն նիւթական ու մարդկային վնասները, որ Լիբանան կը կրէ այդ յարձակումներուն հետեւանքով, նաեւ արծարծեցինք վերակառուցման համար ու լիբանանեան դիմակայման գիւղերուն մէջ կեանքի ընթացքի վերականգնման համար պահանջուած աջակցութիւնը», յայտնեց Միքաթի:

Նախորդը

Թինընթի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Դիւանագիտական Լուծումը Կարելի Է»

Յաջորդը

Հայաստանի Զինուած Ուժերը Կրակ Չեն Բացած Ազրպէյճանակն Դիրքերուն Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.