Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքի խմբակի նախագահ Էտուըրտ Կապրիել յայտնեց. «Ես դէմ եմ որեւէ ձեւի մագլցումի, եւ Հըզպալլան ու Իրանը եւս նախապէս իրենց մագլցում չփափաքիլը յայտնեցին»:
Կապրիել «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ես չեմ կարծեր, որ մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն պիտի կատարուի, որովհետեւ յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կարիք ունինք, սակայն կարելի է սահմաններու հարցով յառաջ ընթանալ»: