Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քաուք. «Իսրայէլ Շրջանը Դրաւ Մագլցումի Ուղիին Վրայ»

July 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց. «Եաֆայի (Թել Աւիւի) անօդաչու թռչող սարքը (Եմէնի արձակած, «Ա.») կրցաւ հասնիլ թշնամիին չնախատեսած վայրը եւ շրջանցել պաշտպանութեան համակարգերը ութ պետութիւններու, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ արեւմտեան այլ երկիրներու, եւ ասիկա արտակարգ յաջողութիւն է»:

«Եաֆայի անօդաչու թռչող սարքը Թել Աւիւի մէջ թիրախաւորուած շէնքերուն վրայ իյնալէ առաջ վար առաւ Իսրայէլի հեղինակութիւնը, եւ Եմէնի վրայ յարձակումը հաւասարակշռութենէն ոչինչ պիտի փոխէ: Իսրայէլը Հտէյտայի ռմբակոծումէն ետք պիտի չկարենայ նաւերը պաշտպանել կամ Իլաթն ու անկէ անդին գտնուող վայրերը թիրախաւորող եմէնեան հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերը կասեցնել», ըսաւ շէյխ Քաուք:

«Թշնամին շրջանը դրաւ մագլցումի ուղիի վրայ, եւ Լիբանանի, Իրաքի ու Եմէնի մէջ թիկունքի ճակատները եւս նոր ուղիի վրայ եղան: Հաստատուեցան մարտադաշտային նոր հաւասարակշռութիւններ, որոնց միջոցով, կը յուսանք, յարձակումը դադրեցնելու համար իսրայէլեան թշնամիին վրայ ճնշումը բարձրացնել, որովհետեւ մարտադաշտին մէջ մագլցումն ու ճնշումը միակ միջոցներն են, որ իսրայէլացիներուն կը ստիպէ Կազայի վրայ յարձակումը դադրեցնել», յայտնեց ան:

Հըզպալլայի Կեդրոնական խորհուրդի անդամը նաեւ նշեց. «Իսրայէլեան թշնամին ձախողեցաւ հարաւային Լիբանանի ճակատը լռեցնել եւ բնակեցուածները իրենց բնակեցման վայրեր վերադարձնել: Ան ձախողեցաւ Եմէնի ճակատին վրայ նաւերը պաշտպանել եւ հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը կասեցնել, նոյնպէս Իրաքի ճակատին վրայ»:

 

Նախորդը

Միքաթի. «Բարձր Կը Գնահատենք Իրաքի` Լիբանանի Կողքին Կանգնիլը, Եւ Կը Շարունակենք Առնչակիցներու Հետ Կապ Հաստատել Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վերահսկողութենէ Դուրս Գալը Կանխարգիլելու Համար»

Յաջորդը

Հելսպոռն. «Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Զրպէյճանի Որեւէ Ոտնձգութեան Պարագային Արեւմուտքը Պէտք Է Պատժամիջոցներ Հաստատէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.