Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Իրան չէր ձգտեր պատերազմի ընդլայնման, սակայն պիտի չընդունի, որ շրջանը Ամերիկայի եւ Իսրայէլի «որս»-ը ըլլայ»:
«Այսօր արշալոյսին Դիմադրութեան առանցքին բեւեռներէն մէկը Թեհրանի մէջ իր կեցութեան վայրին մէջ թիրախաւորուեցաւ, եւ կը հետեւինք այս ահաբեկչական դէպքին առնչուած մանրամասնութիւններուն», ըսաւ դեսպանը:
«Բոլոր մնացեալ քաղաքական զարգացումները, ներառեալ Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումը, մեր դիտարկման ու հետաքրքրութեան կ՛արժանանան», յայտնեց ան:
«Հանիէի ահաբեկումով սիոնական վարչակարգին շահելիք արդիւնքները նոյնն են, ինչ որ ան ապահովեց Ահմետ Եասինի, Ֆաթհի Շուքաքիի եւ Ապտել Ազիզ Ռանթիսիի ահաբեկումներէն ետք», շեշտեց Իրանի դեսպանը: