– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Տէյվիտ Լամի եւ Ճոն Հիլի Լիբանան եւ Քաթար իրենց այցելութիւններէն ետք յայտնեցին. «Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան մագլցումը ոչ ոքի շահերէն կը բխի»:
Երկու նախարարները բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեցին` Կազայի մէջ տագնապին վերջ տալու զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:
Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղած է` վերջ տալու Կապոյտ գիծի երկայնքին լարուածութեան եւ հարցին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին հիմամբ դիւանագիտական լուծում գտնելու:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան խորհրդարանի` Քնեսեթի արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի անդամները նամակ մը գրելով զգուշացուցած են Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն իսրայէլեան բանակի ներկայ ծրագիրին հիմամբ Լիբանան ցամաքային ներթափանցում կատարելէ:
Անոնք սկզբունքին համաձայնութիւն յայտնած են, սակայն նշած, որ առաջարկուած ծրագիրը իրարանցումի պիտի առաջնորդէ եւ ոչ թէ վճռումի:
Յանձնախումբի անդամները ընդգծած են, որ իսրայէլեան բանակի ներկայ ծրագիրը սխալ է` նշելով, որ անիկա Իսրայէլը աղէտալի ու աննախադէպ հետեւանքներով ձախողութեան պիտի առաջնորդէ` հաւաստելով, որ անիկա նկատի չէ ունեցած Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան ընթացքին գործուած սխալները:
– ՅՈՒԼԻՍԻՆ Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանող ճամբորդներուն թիւը գերազանցեց մեկնողներուն թիւը: Օդակայանը օգտագործած անձերուն թիւը 751.034 էր, ինչ որ յուլիս 2023-ի թիւէն 18,7 առ հարիւրով նուազ էր: Լիբանան հասնողներուն թիւը 411.320 էր, իսկ Լիբանանէն մեկնողներունը` 339.250:


