Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Սահմանափակ Հարուածը Մեզի Համար Կը Նշանակէ Հարաւային Արուարձանը Կամ Օդակայանը Չթիրախաւորել»

July 31, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Միջազգային կողմերէն հաւաստիացում ստացանք, որ սպասուող իսրայէլեան հարուածը սահմանափակ պիտի ըլլայ»:

«Սահմանափակ հարուածը մեզի համար կը նշանակէ Հարաւային Արուարձանը կամ օդակայանը չթիրախաւորել», նշեց Պու Հապիպ:

Լաւատեղեակ շրջանակներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնած են, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպում ունեցած է Հըզպալլայի արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի հետ եւ անոր ներկայացուցած իր արաբական ու արեւմտեան հաղորդակցութիւններուն արդիւնքը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Լիթանիի գետէն հարաւ վերադիրքաւորման կամ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութեան բնոյթին մասին Դիմադրութեան ղեկավարութեան պատգամի փոխանցման:

Ըստ օրաթերթին, Մուսաուի Պու Հապիպին յայտնած է, որ իսրայէլեան հարուածին Հըզպալլայի հակադարձութիւնը «վճռուած է եւ քննարկման ենթակայ չէ»` մերժելով ատոր բնոյթին ու տարողութեան մասին խօսիլ: Ան նշած է, որ ատիկա ձգուած է Դիմադրութեան ղեկավարութեան իսրայէլեան հարուածի տարողութեան եւ անոր մեծ վտանգներուն գնահատումէն:

Պու Հապիպի հեռաձայնած են Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ապուլ Ղէյթը, Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանին, Մարոքի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Պուրիթան եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթին:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ներկայ զարգացումներն ու պատերազմը կանխարգիլելու համար ունեցած հաղորդակցութիւններս ներկայացուցի, եւ պատասխան մը ուղարկեցի Պրիւքսելի մէջ Իսրայէլի ներկայացուցիչի խօսքին` Լիբանանը քննադատելուն համար, ինչպէս նաեւ այլ պատասխան մը պիտի ունենանք ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի ներկայացուցած բողոքին»:

 

Նախորդը

Հըզպալլայէն Աղբիւր Մը «Ժազիրա»-ին. «Ցամաքային Ներխուժում Մը Խթան Պիտի Հանդիսանայ Մեր Առաջին Ոտքերը Գալիլիոյ Մէջ Դնելու»

Յաջորդը

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի Վրայ Յարձակի, Պիտի Գործէ Մեծ Սխալ Մը, Որ Անոր Համար Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Փեզեշքիան

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.