Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանային Զարգացումները Մտահոգիչ Են Եւ Վտանգի Մակարդակի Բարձրացումն Ու Շրջանէ Շրջան Տարածումը Կ՛ահազանգեն» Կ՛ըսէ Միքաթի

August 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի լիբանանեան բանակի կեդրոնատեղի բանակի տօնին շնորհաւորութեան համար տրուած այցելութեան ընթացքին իր խօսքը զինուորականներուն ուղղելով յայտնեց. «Եթէ Լիբանանի վերստին ոտքի կանգնելուն համար ձեր մասնակցութիւնը մեծ ու հիմնական է, սակայն սահմանադրական հաստատութիւններուն կողմէ ուղղակի եւ ազդու ընկերակցութեան կը կարօտի:

«Մեկնելով անկէ, կը վերահաստատեմ, մասնաւորաբար այսօր, որ հարկ է հանրապետութեան նախագահ ընտրել` երեսփոխաններուն կոչ ուղղելով իրենց պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելու, շրջանցելու իրենց կեցուածքներուն մէջ հակասութիւնները եւ իրարու հետ անկեղծ ու հաւասարէ հաւասար երկխօսութեան ճամբով խորհրդակցելու, ինչ որ հաստատաբար կը յանգեցնէ ընտրելու ան, որ յարմար կը դատեն հայրենիքը վերակենդանացնելու երթը ղեկավարելու, որովհետեւ նախագահը երկրին միասնութեան խորհրդանիշն է եւ անոր սահմանադրութեան յարգման ու անկախութեան արթուն պահապանը»:

Միքաթի ըսաւ, որ վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին մեր տեսած իսրայէլեան ծրագրուած ու վտանգաւոր մագլցումին լոյսին տակ «միայն կրնանք հաստատել բոլոր կարելի միջոցներով մեր հողը, գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու մեր իրաւունքը», թէեւ «եղբայրական ու բարեկամ երկիրներու յայտնեցինք, որ մենք խաղաղութեան ջատագովներ ենք եւ ոչ թէ` պատերազմի ջատագովներ, որովհետեւ կը ձգտինք մնայուն կայունութեան` մեր սիրելի հարաւէն բռնագրաւուած մասերուն վերատիրանալու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերուն գործադրման նկատմամբ իսրայէլացի թշնամիի յանձնառութեան ճամբով»:

«Ողջունած ենք ու տակաւին կ՛ողջունենք որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կ՛իրագործէ մեր բռնագրաւուած մնացեալ հողերուն վերատիրանալու, միջազգային ուժերուն հետ գործակցաբար բանակին այնտեղ տեղակայումը ամրապնդելու մեր կամքը», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

«Մեր ջուրերուն մէջ գտնուող մեր հարստութիւններուն շահագործումը անվիճելի եւ անզիջելի իրաւունք է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին Դատապարտեց Շրջանի Երկիրներուն Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումները

Յաջորդը

Միքաթի Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Մնայուն Անդամներու Դեսպաններուն Հետ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.