Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլայէն Աղբիւր Մը «Ժազիրա»-ին. «Ցամաքային Ներխուժում Մը Խթան Պիտի Հանդիսանայ Մեր Առաջին Ոտքերը Գալիլիոյ Մէջ Դնելու»

July 31, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ Հըզպալլայէն ղեկավար աղբիւր մը պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնած է. «Մենք իսրայէլեան սպառնալիքները լուրջի կ՛առնենք, եւ ատոր պատրաստութիւնը ամբողջական կերպով տեսանք»` աւելցնելով. «Թշնամիին օգտագործած կարծր կամ սահմանափակ հարուած եզրերը մեզի ոչինչ կ՛ըսեն, որովհետեւ ատիկա անկախ իր տարողութենէն յարձակում է»:

«Պատուիրակներուն յայտնեցինք, որ թշնամիին հետ հաղորդակցութեան ընթացքին քաղաքայինները թող զանց կացուցեն, սակայն մեր թշնամիին չենք վստահիր», ըսաւ աղբիւրը: «Պատուիրակները մեզի առաջարկեցին սպասուող յարձակումին չհակադարձել, եւ անոնց փոխանցեցինք մեր մերժումը», յայտնեց ան` շեշտելով. «Հաստատօրէն իսրայէլեան որեւէ յարձակումի պիտի հակադարձենք»:

«Դիմադրութեան ղեկավարութիւնը կ՛որոշէ հաւանական որեւէ յարձակումի պատասխանին ձեւն ու տարողութիւնը», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով. «Հայֆայի, Կոլանի եւ Ռամաթ Տիւիտի մէջ գտնուող զինուորական կառոյցները կարծր եւ բուռն կերպով ռմբակոծելու կարողութիւնը ունինք»:

«Մենք Լիբանան նոյնիսկ սահմանափակ ներխուժում չենք նախատեսեր, սակայն ամբողջովին պատրաստ վիճակի մէջ ենք», յայտնեց Հըզպալլայէն ղեկավար աղբիւրը` նշելով. «Լիբանան ցամաքային ներխուժումը խթան պիտի ըլլայ մեր առաջին ոտքը դնելու Գալիլիոյ մէջ»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ բռնագրաւեալ Մաժտել Շամս գիւղի դէպքին` աղբիւրը նշեց. «Ամերիկեան կողմին թշնամիին վարկածին որդեգրումը մեզի համար անակնկալ չէր, որովհետեւ նոյն կողմը նախապէս որդեգրեց Մաամատանիի (Կազայի մէջ հիւանդանոց, «Ա.») ջարդին վերաբերեալ անոր վարկածը»:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Քասեմ Հանդիպում Ունեցաւ Իրանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Սահմանափակ Հարուածը Մեզի Համար Կը Նշանակէ Հարաւային Արուարձանը Կամ Օդակայանը Չթիրախաւորել»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.