– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Լիբանանի վերաբերեալ առաջին անգամ օգոստոս 2007-ին յայտարարուած ազգային արտակարգ դրութիւնը կ՛երկարաձգէ յաւելեալ մէկ տարիով: «Լիբանանի մէջ կը շարունակուին գործունէութիւններ, որոնք արտակարգ եւ աննախադէպ վտանգ կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան դէմ», ըսաւ Պայտըն:
– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի իր երկրին քաղաքացիները յորդորեց Լիբանանէն հեռանալու եւ հոն այցելելէ խուսափելու` նշելով. «Կացութիւնը արագօրէն կը փոխուի»:
Աւելի ուշ ան յայտարարեց. «Հըզպալլային կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու իր յարձակումները»: «Կոչ կ՛ուղղենք` Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանին վրայ երկարատեւ լուծում գտնելու», ըսաւ ան:
– «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին յայտնած է, թէ Լիբանանի մէջ պատահողին եւ շրջանին մէջ մագլցումի վտանգին նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգայ:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման «Մաարիւ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կարելի չէ տիւրզիներու հետ զէնքի եւ արեան եղբայրութեան մասին խօսիլ եւ միեւնոյն ժամանակ անոնց վրայ ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ իրենք երկրորդ կարգի քաղաքացիներ են»: «Կոլանի եւ Լիբանանի մէջ մեր տիւրզի եղբայրներուն, ներառեալ անոնց ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին կ՛ըսեմ, որ պէտք է գիտակցիլ, թէ կը դիմակայենք հասարակաց թշնամի մը` Հըզպալլան», նշեց Լիպըրման:
– ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին ներկայացուցած է շաբաթ օր բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ տեղի ունեցած դէպքը: Անոր գրասենեակը հաղորդեց. «Նախարար Կալանթ նշեց, որ շաբաթ օր տեղի ունեցած յարձակումը մեծ մագլցում կը ներկայացնէ, եւ Իրանի գործակատար Հըզպալլան ատոր պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ»:
– ԻՐԱՆԻ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազի. «Մաժտալ Շամսի դէպքին համար Հըզպալլայի պատասխանատուութեան մասին Իսրայէլի պնդումները հեգնական են»: «Իսրայէլ ուժեղ պատասխանի պիտի արժանանայ, եթէ Լիբանանի մէջ արկածախնդրութեան դիմէ», շեշտեց Խարազի:
. «ՀԱՏԱՍ»` վկայակոչելով Իտալիոյ վարչապետը. «Իսրայէլ պէտք չէ Մաժտալ Շամսի յարձակումին հակադարձելու «թակարդին մէջ իյնայ»:
– ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հեռաձայնեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին եւ յայտնեց, որ «թագաւորութիւնը աշխատանք կը տանի մագլցումը արգիլելու եւ լայնածաւալ պատերազմ մը կանխարգիլելու»` իր երկրին կարողութիւնները դնելով Լիբանանի տրամադրութեան տակ:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իսրայէլեան յարձակումներու եւ նոր սպառնալիքներու դիմակայման ծիրին մէջ իր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան սպառնալիքները լիբանանցիները ետ պիտի չկանգնեցնեն իրենց իրաւունքներուն կառչելէ, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղուած նամակին մէջ պիտի պատասխանենք իսրայէլեան պնդումներուն:
– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Կայունութեան եւ շրջանին մէջ տագնապէն խուսափելու միջոցը Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի Լիբանանի եւ Կազայի վրայ պատերազմը դադրեցնէ»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ նախկին դիւանագէտ մը «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին. «Էրտողան թրքական ուժեր պիտի ուղարկէ, եթէ Իսրայէլ Լիբանան մուտք գործէ»:
– ՅՈՒՆԱԿԱՆ «Էյճիյըն Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ներկայ կացութեան մէջ մինչեւ 1 օգոստոս դէպի Պէյրութ իր թռիչքները ջնջած է:


