Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի Վրայ Յարձակի, Պիտի Գործէ Մեծ Սխալ Մը, Որ Անոր Համար Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Փեզեշքիան

July 31, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ յարձակում գործէ, «ատիկա մեծ սխալ պիտի ըլլայ, որ անոր համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

«Խոր մտահոգութիւն կը յայտնենք հարաւային Լիբանանի մէջ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ եւ կը զգուշացնենք Լիբանանի վրայ յարձակումի հետեւանքներէն», ըսաւ Փեզեշքիան` շեշտելով. «Մենք որեւէ ջանք պիտի չխնայենք Կազայի պատերազմին վերջ տալու ու շրջանի կայունութեան համար եւ կը յուսանք, որ այլ պետութիւններ տէր կը կանգնին իրենց պարտաւորութիւններուն»:

Իրանի նախագահը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւլէական թղթածրարի հարցով իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերացման համար բանակցելու:

Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Մաքրոն Փեզեշքիանի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինուորական մագլցումէն խուսափելու համար բոլոր ջանքերը թափելու կարեւորութիւնը»` Իրանին կոչ ուղղելով «դադրեցնելու կայունութիւնը քայքայող կողմերուն իր աջակցութիւնը»:

Ֆրանսայի նախագահը Թեհրանին յորդորած է ինքնազսպումի կոչ ուղղելու` յայտնելով. «Նոր պատերազմի մը ծագումը շրջանին վրայ աւերիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

«Ան Իրանի նախագահին կոչ ուղղեց` վերջ տալու Իրանի հիւլէական ծրագիրի մտահոգիչ մագլցումին»` կոչ ուղղելով «դիւանագիտական լուծում գտնելու»:

Մաքրոն նաեւ զգուշացուցած է Փեզեշքիանը «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ շղթայազերծած պատերազմին Թեհրանի աջակցութիւնը շարունակելէ»:

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Սահմանափակ Հարուածը Մեզի Համար Կը Նշանակէ Հարաւային Արուարձանը Կամ Օդակայանը Չթիրախաւորել»

Յաջորդը

Օսթին. «Չեմ Կարծեր, Որ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Պատերազմը Անխուսափելի Է»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.