Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 31 յուլիսին Իրանի խնդրանքով Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Ալճերիոյ հրաւիրած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին դատապարտեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը եւ զայն նկատեց «վտանգաւոր մագլցում մը, որովհետեւ խիստ բնակեցուած շրջան թիրախաւորեց` յստակ ու բացայայտ կերպով ոտնահարելով միջազգային օրէնքը, միջազգային մարդասիրական օրէնքն ու ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը»:
ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցչութեան գործավար Հատի Հաշեմ նիստի ընթացքին վերահաստատեց Լիբանանի` միջազգային օրինականութեան կառչածութիւնը, պատերազմը մերժելը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին ամբողջական յանձնառութիւնը:
«Հարաւային Լիբանանի հանդարտեցման որեւէ նախաձեռնութեան կամ ջանքի առաջին ու հիմնական պայմանը Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներու եւ Մարի գիւղի մերձակայքի բռնագրաւման վերջ տալն է, Կապոյտ գիծի երկայնքին բոլոր կէտերուն Լիբանանի վերապահութիւններուն լուծում գտնելը եւ Լիբանանի գերիշխանութեան ցամաքային, ծովային եւ օդային խախտումները դադրեցնելը», շեշտեց Հաշեմ:
Լիբանան դատապարտեց շրջանի երկիրներուն վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները, որոնց վերջինը իրանեան մայրաքաղաքին մէջ ահաբեկման գործողութիւնն էր, ինչ որ կը հաստատէ Իսրայէլի թշնամական մտադրութիւններն ու տագնապին ծիրը ընդլայնելու վճռականութիւնը:
Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` իր մօտեցումը հիմա բարեփոխելու, նախքան ուշ ըլլալը:


