– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երեքշաբթի գիշեր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 7 զոհեր:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ընդհանուր քարտուղարին բողոք ներկայացուց Իսրայէլի համացանցային յարձակումներուն դէմ, որոնք քաղաքային թռիչքներու, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ Լիբանանի կենսական ենթակառոյցներու ելեկտրոնային սարքերուն ապահովութեան ու անվտանգութեան սպառնալիք կը ներկայացնեն:
– «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.», վկայակոչելով աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահմանէն խնդրած է Իրանին եւ Հըզպալլային փոխանցել պատգամ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Իսմայիլ Հանիէի եւ Ֆուատ Շուքրի սպանութեան չհակադարձել»:
– ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Փենի Ուոնկ իր երկրի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց հեռանալու Լիբանանէն` նշելով. «Ապահովական կացութիւնը կրնայ արագօրէն վատթարանալ»:
– ՀԻՆԳ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հանդիպում պիտի ունենան Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Եմէնէն դաշնակիցներու հետ` քննարկելու համար Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի սպանութեան հաւանական հակադարձութիւնը:
– ԻՐԱՆԵԱՆ «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հարաւային արուարձաններուն վրայ Հըզպալլայի ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի սպանութեան պատճառ դարձած իսրայէլեան յարձակումին պատճառով մահացած է իրանեան զինուորական խորհրդատու մը:
– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեւի եւ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ երէկ հասան Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցան Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:


