Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը
Մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թել Աւիւի հրթիռակոծումը Հըզպալլայի համար սովորական դարձաւ, կուսակցութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին հրթիռակոծեց Թել Աւիւի արուարձանին մէջ գտնուող զինուորական հետախուզութեան թիւ 8200 միաւորի ռազմակայանը: Հըզպալլա առաւօտեան ժամը 9:20-ին թիրախաւորեց Ըտէյսէ եւ Ռըպ Թլաթին գիւղերուն միջեւ հաւաքուած իսրայէլեան ուժը, ապա 10 վայրկեան ետք անգամ մը եւս հրթիռակոծեց նոյն վայրը: Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Միսքաֆ Ամ-Ռըպ Թլաթին-Մարքապա եռանկիւնին...




















