Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գրասենեակը հաղորդեց. «Նախագահը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնեց, որ ինք այն կարծիքը ունի, թէ Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութիւնը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար բանակցութիւններու նոր հաւանական փուլի առիթ է»:
Մաքրոն անգամ մը եւս կոչ ուղղած է Լիբանանի եւ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու:
Ֆրանսայի ղեկավարը դատապարտած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները:
Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակը նշեց, թէ Մաքրոն նաեւ Նեթանիահուի տան ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքի արձակումէն ետք զօրակցութիւն յայտնած է Նեթանիահուին: